Բացայայտենք  Սեւանայ Վանքն ու Սեւանայ Լիճը

Արդէն ամառ է եւ շատերս կը մտածենք մեր հանգիստը կազմակերպելու մասին: Ալ ինչ հայկական հանգիստ առանց չքնաղ Սեւանի: Մեզմէ շատերը  գոնէ մէկ անգամ այցելած են Սեւան եւ Սեւանավանք, սակայն  քիչ չեն այն մարդիկ որոնց բախտ չէ վիճակուած տեսնել Սեւանավանքն ու Սեւանը, ապա ճիշտ ժամանակն է բացայայտելու Սեւանը իր ողջ գեղեցկութեամբ:

Ուրեմն սկսինք :

Սեւանավանք

Սեւանի վանքը կը գտնուի Սեւանի թերակղզիի մէջ (նախապէս՝ կղզի), զոր հիմնադրած է Գրիգոր  Լուսաւորիչը 305 թ.-ին։

Կղզին բերդապարիսպով ամրացուած է պրոնզէ դարուն։

Սեւանի վանքը անուանուած է նաեւ ՝ Մարիամաշէն, Սեւանավանք, Գեղամայ վանք, Կեգամ, Սեւանայ անապատ, Սեւանք, Ս Սեւ վանք եւ այլն:

Վանական համալիրը

Համալիրը կը ներկայացնեն Սբ. Առաքելոց եւ Սբ. Կարապետ երկու եկեղեցիները, գաւթի աւերակները, մասնակի վերակառուցուած վանական խուցերը, Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հիմքերը։ Վանքի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին եւ անոր կից գաւիթը այլեւս գոյութիւն չունին։ Համալիրի բոլոր կառոյցները բլուրի հարաւ-արեւմտեան կողմն են։ Պահպանուած են նաեւ համալիրի ներքին եւ արտաքին պատերու հիմքերը, բնակելի եւ տնտեսական շինութիւններ։

Այստեղ եղած է հեթանոսական մեհեան։

Սեւանի ճակատամարտ

Աշոտ Բ-ն հօր՝ Սմբատ Ա Նահատակի (890-914) մահէն ետք պայքարած է Հայաստանի անկախութեան համար։ 914-922 թուականներուն կռիւներուն պարտութեան մատնած է արաբական ոստիկաններ Եւսուֆի եւ Նասրի զօրքերը։ Արաբ զօրավար Բեշիրը աւերած է Հայաստանի բազմաթիւ բնակավայրեր, ապա յարձակած Սեւանի կղզիի վրայ։ Ունենալով փոքրաթիւ ուժեր՝ Աշոտ Բ-ն լաստանաւով մօտեցած է ափին, նետաձգութեամբ յանկարծակի բերած արաբները, իջած ափ եւ պարտութեան մատնած զիրենք:

Սեւանի ճակատամարտէն ետք Ատրպատականի ամիրայութիւնը եւ Արաբական խալիֆայութիւնը համակերպուած են Հայաստանի անկախութեան հետ:

Սեւանայ լիճ

Այն աշխարհի՝ քաղցրահամ ջուր ունեցող 2-րդ բարձրադիր լիճն է` Հարաւային Ամերիկայի Տիտիկակա լիճէն ետք։ Սեւանը պատմական շրջանին տարբեր անուններ կրած է՝ Գեղարքունի, Գեղամայ ծով, Դարիա-Շիրին, Լակնիտիս։

Սեւանայ լիճը Շորժայի ստորջրեայ թումբով կը բաժնուի 2 մասի՝ Մեծ Սեւանի (37.7 մ միջին խորութիւն) եւ Փոքր Սեւանի (50.9մ)։

Սեւանայ լիճը Հայկական բարձրաւանդակի՝ մեծութեամբ երրորդ լիճն է՝ Վանայ լիճէն եւ Ուրմիոյ լիճէն ետք։ Ի տարբերութիւն այդ երկուքին՝ բաց լիճ է  եւ ունի քաղցրահամ ջուր։

Գոյութիւն ունի լիճի անուանման ծագման երկու աւանդութիւն՝

  • Վանեցիները կը գաղթեն եւ կը վերաբնակին Սեւանի ափերուն՝ որոշելով, որ անիկա ալ Վան մըն է։ Բայց յետոյ տեղի ցուրտ ու դաժան կլիման չեն հաւնիր։ Անոնք կը յիշեն իրենց երկրի մեղմ ու տաք բնութիւնը, իրենց բարեկեցիկ կեանքը եւ դառնօրէն կը կանչեն՝ «Սեւ Վան եկաւ մեր գլխուն, սեւ Վան»։ Ու այդպէս ալ լիճի անունը կը մնայ Սեւան:
  • Սեւանայ լիճի տեղը առաջ ցամաք եղած է՝ անտառապատ բլուրներով, ծաղկաւէտ դաշտերով ու բերրի վարելահողերով։ Գիւղին մօտիկ բլուրի տակ եղած է  ջրառատ աղբիւր, որմէ ջուր վերցնելու ժամանակ գիւղացիները կը հանէին ակունքի մեծ փակիչը եւ ապա զգուշութեամբ կը յարմարցնէին տեղը։ Օր մը գիւղի հարսերէն մէկը կ’երթայ աղբիւր ջուր բերելու, կը հանէ փակիչը, կուժը կը լեցնէ ու կու գայ տուն՝ մոռնալով փակել ակունքը։ Ջուրը կը յորդի՝ կը ծաւալի չորս կողմը, երբ կը հասնի տնակներուն, բնակիչները կը փախչին, ըսելով «Քար դառնայ ով բաց ձգած է ակունքը»։ Եւ մոռացկոտ հարսը քար կը դառնայ, իսկ ջուրը անընդհատ հոսելով կը գոյացնէ Սեւանայ լիճը, որուն երեսէն հազիւ վեր կը բարձրանայ քարացած հարսի գլուխը՝ Հարսնաքարը։

Կենդանական աշխարհ

Կապուտաչեան Սեւանն ունի հարուստ կենդանական աշխարհ՝ խեցգետին, իշխան, սիգ, հայկական որոր:

Սեւան այցելելու ժամանակ չմոռնաք համտեսել  իշխանով, սիգով ու խեցգետնով պատրաստուած համեղ ուտեստները։

Սեւանի իշխանը  Հայաստանի Հանրապետութեան  յուշադրամներու վրայ.

Մետաղադրամը թողարկուած է 2007թ-ին, 100 դրամ անուանական արժէքով, պատրաստուած է  925 յարգի արծաթէ , հատուած է Լեհաստանի դրամահատարանի մէջ 3000 օրինակով:

Սեւանայ լիճը միակն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որ ունի լողափնեայ հանգստավայրեր։ Անոնք հանրայայտ են ոչ միայն հայերու, այլեւ Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու համար։

Առաւել յայտնի է հիւսիսային ափը, որը կը ձգուի 2.5 քմ՝ Սեւանայ թերակղզիի շրջակայքին։ Լիճի ջուրը յարմար է լողալու, ամառնային ջերմաստիճանը՝ արեւային լոգանքներ ընդունելու համար։

Սեւան կարելի է մեկնիլ ոչ միայն ընտանեկան խաղաղ ու յարմարաւէտ հանգիստ անցնելու, այլեւ թռիչքներ կատարելու, նաւակներով շրջելու ու արկածախնդրական զիփլայնէն ատրինալինի բաւարար լիցքեր ստանալու համար։ Կապուտաչեայ Սեւանը իր գեղեցկութիւնը չի կորսնցներ նաեւ ձմրանը։ Տարուան այդ եղանակին կարելի է հանգստանալ հանգստեան տուներու եւ հիւրանոցներու մէջ, վայելել ափերուն բախուող ալիքներու եւ ձիւնածածկ լեռներու տեսարանը։

ԻՆՉՊԷ՞Ս  ՀԱՍՆԻԼ ՍԵՒԱՆԱՅ  ԼԻՃ

Սեւան հասնելու մի քանի տարբերակ կայ՝

Գնացք

600-ԷՆ 1000 դրամ ($1,5-2 )

ԹԱՔՍԻ

7000-էն 12000 դրամ ($14 – 24)

ՀԱՆՐԱԿԱՌՔ

Սկսած 1000 դրամԷՆ ($2)

 

Հայկուհի Մուրատեան

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...