Մէքսիքոյի սահմանակից գիւղաքաղաքի մը մէջ, Յիսուսի ծննդեան նախօրեակին, տասնեակ մը մոմերու լոյսը կը պլպլար հին եկեղեցիի մը միակ պատուհանէն:
Տարիներէ ի վեր, այս գիւղին մէջ սովորոյթ դարձած էր, որ ընտանիքները խթման գիշերը իրենց ընծաները բերէին Յիսուս մանուկին:
Ընտանիքին ամենատարեցէն մինչեւ ամենափոքր անդամները երկիւղածութեամբ կը մօտենային մսուրի տեսարանին եւ երկրպագելով իրենց նուէրը կը զետեղէին խորանին առջեւ:
Գիշեր մը պզտիկ որբ տղայ մը առանձինն կանգած էր եկեղեցւոյ դրան առջեւ: Ան շատ կը ցանկար միւս ընտանիքներուն միանալ, սակայն այդքան աղքատ էր, որ բան մը չունէր Յիսուս մանուկին ընծայելու:
Մինչ ան պատուհանին մօտ կանգնած էր, եկեղեցիին երգեհոնին նուագը լսեց: Գեղեցիկ եղանակը մտիկ ընելով տղեկին սիրտը Ծննդեան հրաշքով գրաւուեցաւ:
Ուստի առանձին ծնրադրեց եւ գլուխը հակելով աղօթեց: Երբ նուագը վերջացաւ, այն դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ խորհելով ետ որբանոց երթալ: Սակայն զարմացաւ երբ տեսաւ թէ այդտեղ ուր ինք ծնրադրած էր աղօթելու, գոց կարմիր տերեւներով եւ կեդրոնը պզտիկ դեղին գունդերով բոյս մը ծաղկած էր:
Որբուկը այս ծաղիկին նման գեղեցիկ բան մը երբեք չէր տեսած: «Հրեշտակները ինծի համար նուէր մը հայթայթած են, որ Յիսուս մանուկին տամ» մտածեց ան եւ կամացուկ մը ծաղիկը վերցուց ու եկեղեցի մտնելով զայն մսուրին մօտ զետեղեց ակնածանքով:
Անկէ վերջ ամէն տարի Ծնունդի շրջանին այս յատուկ ծաղիկը սկսաւ բուսնիլ եւ այդ գիւղի ժողովուրդը զայն կոչեցին «Սուրբ Գիշերուայ ծաղիկ»:
Բուանսէթիա մականունով ազնիւ ընտանիք մը որդեգրեց այս տղեկը, որ մեծնալով շատ յաջող վաճառական մը եղաւ:
Տարիներ վերջ ան վերադարձաւ իր շատ սիրած գիւղաքաղաքը եւ հոն նոր եկեղեցի ու դպրոց մը կառուցեց:
Անոր առատաձեռնութեան փոխարէն գիւղի ժողովուրդը իրեն յատուկ նուէր մը ըրին, այս գոց կարմիր տերեւներով եւ կեդրոնը դեղին փոքր ծաղիկներով գեղեցիկ բոյսը իր անունով Բուանսէթիա կոչելով:
Տէրը արժանի է մեր պաշտամունքին:

Մսուրին մէջ ծնած մանուկը Յիսուս Փրկիչն է, Աստուծոյ Օծեալը, Էմմանուէլ՝ Աստուած մեզի հետ:
Ուստի, «Եկէք երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք, ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տիրոջը առջեւ» Սաղ.95.6
Աղբիւր-Բարեպտուղ Ձիթենին
