Արեւի ճառագայթները կը դպչին գետնին: Արեւի ճառագայթի տաքութենէն գետնի ջուրերը
(ովկիանոսներէն, ծովերէն, լիճերէն) կը գոլորշիանան ու երկինք կը բարձրանան: Ծառերու
ու ծաղիկներու մէջի ջուրերն ալ կը գոլորշիանան ու երկինք կը բարձրանան:
Երկնքի մէջ գոլորշիի կտորները կը միանան ու փոքր ամպիկներ կը կազմեն: Իսկ երբ այս փոքր
ամպիկներն ու գետնի վրայի պաղ օդը իրարու կը դպչին անձրեւ կը յառաջանայ: Անձրեւի ջուրը
կը վերադառնայ գետին՝ ովկիանոսներու, ծովերու, լիճերու մէջ ու սարերու վրայ:

