-Ինտոնեզիան աշխարհի ամէնէն մեծ թիւով հրաբուխներ ունեցող երկիրն է,
ուր կը գտնուին նուազագոյնը 400 հրաբուխներ, որոնցմէ 130-ը տակաւին գործուն են:
-Պրազիլ երկիրը իր անունը ստացած է ծառէ մը: Անոր անունը կը ծագի պրազիլուուտ կոչուած ծառէն:
-Այսլանտ առաջին կին նախագահ ընտրող երկիրն է` 1980-ին:
-Ֆինլանտան ճանչցուած է իբրեւ հազարաւոր լիճերու երկիր, ունի աւելի քան 100 հազար լիճ:
-Թայլանտը ճանչցուած է իբրեւ Ասիոյ կոլֆի մայրաքաղաքը:
-Ափրիկէի ջուրերուն մէջ գտնուող Քոմօրոս կղզիները ճանչցուած են իբրեւ անուշահոտ կղզիներ,
կ’արտադրէ աշխարհի ամէնէն մեծ քանակութեամբ իլինկ-իլանկ ծաղիկի իւղը,
որ կը գործածուի անուշահոտերու պատրաստութեան մէջ: