-Պասենճի (basenji) ցեղատեսակի շունը ամենահին ցեղատեսակներէն մէկն է, որ ընտելացած է մարդու կողմէն: Անիկա միակ շունն է, որ չի հաջեր:
-Աշխարհի ամենափոքր շունը Պու-Պուն է, որ կը կշռէ 680 կրամ եւ ունի 10 սմ հասակ:
-Բադի ձայնը չ’արձագանգեր. պատճառը ոեւէ մէկուն յայտնի չէ:
-Մաֆուսայիլ ծառը՝ երկրագունդի վրայ գտնուող, այս պահուն ամենատարեց կենդանի մարմինն է, անիկա 4843 տարեկան է:
-Ան ով առաջին անգամ որոշեց գետնանուշ աւելցնել M&M’S-ին, իրականութեան մէջ, գետնանուշէն դիւրազգացութիւն ունէր:
-Կոլիպրին կը սնուի 10 վայրկեան անգամ մը։ Անիկա աշխարհի միակ թռչունն է, որ հնարաւորութիւն ունի դէպի ետ թռչելու:
-Քիուիները կը վարեն գիշերային կեանք, ցերեկը կը պահուըտին խիտ թփուտներու մէջ։ Քիուին պատկերուած է Նոր Զելանտայի զինանշանի վրայ:
–Թեւատներու տեղաշարժման նախընտրելի տարբերակը փորի վրայ սառոյցներու եւ ձիւնի վրայ սահիլն է, անոք իրենց սնունդը կը հայթայթեն ջուրի մէջ՝
մէկ անգամ սուզուելով կրնան որսալ մինչեւ 30 ձուկ: Կ’ապրին 15-20 տարի եւ չեն վախնար մարդոցմէ:
-Առաւօտները մարդը թարմացնող ամենալաւ մթերքը մեղրն է:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց
Նարէ Մուրատեան