Փետրուար 19-ը Հայաստանի մէջ կը նշուի` «Գիրք նուիրելու օր»: Այս տօնը հիմնուած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի առաջարկով 2008 թ.-ին: Տօնը նշել նախաձեռնած է Հայաստանի կառավարութիւնը՝ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը:
Այսօր Հայաստանի բոլոր դպոցներուն մէջ աշակերտները իրարու գիրք կը նուիրեն, թող այս տօնը տարածուի նաեւ Սփիւռքի բոլոր դպրոցներուն մէջ։
Սիրելի’ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներ, դուք եւս գիրքեր նուիրեցէք ձեր սիրելիներուն, հաւանաբար առիթ ըլլայ, որ անոնք նոյնպէս գիրք կարդան եւ տեսնեն թէ ինչքան կարեւոր է գիրք կարդալը։