Գորգագործական մշակոյթը Արցախի մէջ խոր արմատներ ունի: Արցախի հին գորգերը այսօր ներկայացուած են աշխարհի բազմաթիւ թանգարաններու մէջ: Հինէն ի վեր Արցախը եղած է շարք մը երկիրներու տիրապետութեան տակ, այդ է պատճառը որ Արցախեան գորգերը տարածուած են Ասիայի եւ Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկրներու մէջ:
Արցախի, ինչպէս եւ Հայաստանի այլ շրջաններու կարպետներն ու գորգերը ի սկզբանէ չեն պատրաստուած վաճառքի համար: Անոնք կը համարուէին կենցաղային իրեր եւ ընտանեկան մասունքներ, բայց ոչ՝ ապրանք:
Գորգը տունէն դուրս հանելը կը համարուէր վատ նախանշան: Մասունք համարուող գորգերը պաշտպանական նշանակութիւն ունէին եւ յաճախ կը խորհրդանշէին բերրիութիւն:
Արցախեան գորգերու մէջ յաճախ հանդիպող նախշերէն են՝ «Վիշապ», «Մետալիոն», «Արծուի պատկեր»: Արցախցի գորգագործները կը նախընտրէին գորգերը գործելու ժամանակ օգտագործել կարմիր, մեղրագոյն եւ կապոյտ (մութ երանգներ) գոյները:
Գորգերը գործելու համար կ’օգտագործէին բացառապէս բնական միջոցներ՝ թելերը կը պատրաստուէին բուրդէ: Իսկ օրինակ կարմիր գոյն ստանալու համար կ’օգտագործէին որդան կարմիրը:
Աւանդոյթի համաձայն երիտասարդ աղջիկները գորգեր գործած են իրենց հարսանեկան նուէրներուն մէջ դնելու համար եւ յաճախ հարազատները նորապսակ զոյգերուն գորգեր նուիրած են: Վերջիններս տօներուն պատերն ու պատշգամները զարդարած են իրենց գորգերով:
Հին ժամանակ գորգագործ աղջիկ ունենալը տուեալ ընտանիքի պատիւն էր, իսկ գորգագործ աղջիկները կը համարուէին լաւագոյն հարսնցուներ:
Ներկայիս Արցախի մասնաւորապէս Շուշի քաղաքին մէջ կը գործէ գորգերու թանգարան՝ 120 մշտական ցուցադրուող գորգերով՝ «Վիշապագորգ», «Խնձորեսկ», «Աստղագորգ», «Ծաղկագորգ», «Ծաղկած խաչեր» եւ այլն:
Վիշապագորգ
Թանգարանը բացուած է 2013թ-ին, ունի շուրջ 300 ձեռագործ գորգեր, որոնք 17-20-րդ դարերու արցախեան գորգագործութեան լաւագոյն աւանդոյթներու վկաներն են: Ըստ գորգերու թանգարանի նախաձեռնութեան հեղինակ, բարերար Վարդան Ասատրեանի. Գորգարուեստի թանգարանը հիմնելու նպատակը եղած է փրկել արցախեան աւանդական գորգերը մոռացութենէն, ինչպէս նաեւ հարեւան Ատրպէյճանի իւրացումէն:
Բարերարի խօսքերով ինքը մշտապէս լսած է իր հարազատներէն թէ թուրքերը ինչպէս հայկական գորգերը հաւաքած են գիւղերէն՝ զանոնք փոխանակելով տարբեր իրերու հետ, նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայկական ձեռագիրը գորգարուեստի մէջ :
Թանգարանի մէջ առկայ գորգերու մէկ մասը բարերարը գնած է աշխարհի տարբեր երկրներէն՝ Գերմանիա, Զուիցերիա, Աւստրիա, Պոլիս եւ այլն:
Արցախի յայտնի գորգագործներու հին գորգերը հաւաքուած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերէն:
Թանգարանը այսօր կ՛ընդունի բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու եւ կը վկայէ Արցախի գորգագործութեան հարուստ աւանդոյթներու մասին:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀէի համար պատրաստեց՝
Հայկուհի Մուրատեան