Գրիգոր Լուսաւորիչ Ելն Ի Վիրապ. ՔրիստոնէութեանՏարածումը Հայաստանի Մէջ  

Օր մը, երբ հեթանոս արքայ Տրդատ, կը լսէ, որԳրիգոր քրիստոնեայ է,

կը հրամայէ զինք նետել Արտաշատի մէջ գտնուող Խոր վիրապ սարսափելի փոսին մէջ, եւ այնտեղ ձգել մինչեւ մահ։

Գրիգորի ձեռքերը կը կապկպեն եւ զինք կը նետեն օձերով լեցուն Խոր Վիրապին մէջ:

13 տարի ետք, Հայոց Տրդատ արքան քրիստոնէութեան դէմ պայքարելէն ետք, ծանր կը հիւանդանայ:

Ան որսի երթալուն ժամանակ, իր մարդկային կերպարանքէն կըզրկուի եւ կը նմանի վայրի խոզի:

Այս վիճակը կը մտահոգէ պալատականները։ Այդ ժամանակ լուսեղէն տեսիլք մը կ՛երեւի Տրդատի քրոջ`  Խոսրովիդուխտին, եւ կ՛ըսէ անոր. «Ձեզի հասած հարուածներէն չէք բժշկուիր,

եթէ Խոր Վիրապէն չհանէք այնտեղ նետուած Գրիգորը, միայն ինք կրնայ բժշկել Տրդատ թագաւորը»։

Պալատականները նախարար մը կը ղրկեն Արտաշատ, ուր 13 տարի առաջ, վիրապ իջեցուած էր մահուան դատապարտուած Գրիգորը:

Պալատականները պարան մը կ՛իջեցնեն փոսին մէջ, ապա Նախարարը բարձր ձայնով կը կանչէ.

«Գրիգո՜ր, եթէ ողջ ես` դո՛ւրս ել, որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ հրամայեց հանել քեզ այդտեղէն»:

Գրիգոր անմիջապէսոտքի կ՛ելլէ, ամուր կը բռնէ իջեցուած պարանը եւ կը շարժէ զայն:

Պալատականները շատ կը զարմանան: Գրիգոր փոսէն կը հանեն եւ կը տանինՎաղարշապատ:

Գրիգոր Աստուծմէ իրեն տրուած զօրութեամբ կը բժշկէ Տրդատ թագաւորը, ապա կը մկրտէ զինք եւ հարիւրաւոր այլ հւատացեալներ:

65 օրշարունակ, քրիստոնէութիւնը  քարոզելէն ետք, Գրիգոր կը կոչուի Գրիգոր լուսաւորիչ։

Այդ ընթացքին Գրիգոր Լուսաւորիչին տեսիլք մը կը յայտնուի, ուր Միածինը ձեռքը ոսկէ մուրճ մը բռնած արքունիքի դրան առջեւ կը քանդակէ Էջմիածինի պատկերը: Գրիգոր կը ձեռնարկէ Էջմիածինի ապա Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայեանէ  եւ Ս. Շողակաթ տաճարներու կառուցումը:

Այնտեղ, ուր քրիստոնէութեան համար պայքարած էին այդ անունները կրող կոյսերը:

Այսպիսով քրիստոնէութիւնը կը տարածուի Հայաստանի մէջ եւ 301 թուականին կը հռչակուի որպէս պետական կրօն:

Բառեր

Հեթանոս=կռապաշտ, անհաւատ 

Սարսափելի=սոսկալի

Պայքարիլ=կռուիլ

Կերպարանք=ձեւ

Պարան=չուան

Տեսիլք=արթուն վիճակի մէջ տեսած երազ

Քարոզ=հոգեւոր ճառ

Արքունիք=պալատ

Քանդակել=արձան շինել

Ձեռնարկել=սկսիլ

Տաճար=եկեղեցի

Հռչակել=յայտարարել

 Խաղ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...