Դադիվանք Արցախի հնագոյն վանական համալիրներէն մէկն է, որ կը գտնուի Արցախի մէջ՝
Մռաւ սարի անտառապատ լանջերուն, Թարթառ գետի ձախ ափին։ Աւանդոյթի համաձայն
Դադիվանքը կառուցուած է առաջին դարուն եւ իր անուանումը ստացած է այն վայրէն, ուր
կառուցուած է (Սուրբ Դադէի գերեզմանատեղի):
Դարերու ընթացքին արաբական, ապա սելջուկական արշաւանքներու ժամանակ վանքը
բազմիցս աւերի ու աւարի ենթարկուած է։ Սակայն ամէն անգամ կրկին վերականգնուած է
եւ աւելի ընդարձակուած։