Դիլիջան, Սեւան, Շաքիի Ջրվէժ, Ուրկէ՞ Ծագած են Այս Անունները

Դիլիջան

Ըստ աւանդավէպի անտառի մէջ փոքրիկ ընտանիք մը կ’ապրէր: Անոնք աղջիկ մը ունէին, որուն անունը Դիլի էր: Աղջիկը յաճախ անտառէն ձայներ կը լսէր: Եւ ահա  չարաբաստիկ օր աղջիկը կ’որոշէ երթալ ձայներու ետեւէն եւ կը մոլորուի  անտառի մէջ: Ծնողները անդադար կը փնտռեն ու կը կանչեն Դիլի, Դիլի, Դիլի ջան: Ահա այստեղէն ալ յառաջացած է Դիլիջանի անուանումը:

Սեւան

 Վանէն գաղթելէ յետոյ վանեցիները կու գան եւ կը հաստատուին Գեղամայ ծովի շրջակայքը: Անոնք կը մխիթարուին Գեղամայ ծովով եւ կ’ըսեն Սեւ Վան եկաւ մեր գլխուն: Եւ այսպէս ալ կը յառաջանայ Սեւանի անուանումը:

Սեւանի մասին կայ նաեւ այլ աւանդավէպ. Սեւանայ լիճի տեղը ցամաք էր՝ անտառապատ բլուրներով եւ դաշտերով: Գիւղի կողքին՝ բլուրի տակ, եղած է առատ աղբիւր մը, որմէ ջուր վերցնելու ժամանակ  գիւղացիները կը հանէին ակունքի ահռելի փակիչը: Երեկոյ մը գիւղի հարսերէն մէկը կ’երթայ ջուր բերելու, կը հանէ փակիչը, կուժը կը լեցնէ ու կու գայ տուն՝ մոռնալով փակել ակունքը: Ջուրը կը ծաւալի չորս կողմը, երբ անիկա կը հասնի տուներուն՝ բնակիչները կը փախչին ըսելով. Քար դառնայ ան, ով բաց ձգած է ակունքը: Եւ  մոռացկոտ հարսը քար կը դառնայ, իսկ ջուրը անընդհատ բարձրանալով կը դառնայ լիճ:

Շաքիի Ջրվէժ

 Շաքին գեզեցկուհի մըն էր, որուն մասին շատերը կը խօսէին: Երբ արաբները կը յարձակին, սուլթանը կը հրամայէ Շաքին բերել իր մօտ: Շաքին կը մերժէ երթալ եւ կը նետուի ժայռէն, իսկ անոր հագուստի փէշերը կը տարածուին եւ կը յառաջանայ ջրվէժ, որ յետագային կը կոչուի Շաքիի ջիվէժ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...