Եարխուշտա՝ Հայկական Պար

«Եարխուշտա»-ն հայկական ռազմական պար է: Պարին անուանումը ունեցած է տարբեր

մեկնաբանութիւններ: Անոնցմէ մէկը այն է, որ «եար խուշտա» կը նշանակէ զէնքի ընկեր:

Եարխուշտա ռազմական խաղ-պարը, կը պատկանի Ծափ պարերու տեսակին, անիկա շատ

տարածուած էր Սասունի մէջ:

Ինչպէս բոլոր ծիսական պարերը, այնպէս ալ ռազմականները համարուած են սրբազան, եւ

անոնց կատարման լուրջ նշանակութիւն տրուած է: Անցեալին այդ պարերը կատարած են

ռազմի երթալէ առաջ` ռազմիկներուն մարտական ոգին բարձրացնելու համար, յաճախ նոյնիսկ

ռազմի յաջող կամ անյաջող աւարտը գուշակելու նպատակով: Եարխուշտա պարեր են նաեւ

ռազմական յաղթանակներ տօնելու եւ կամ թաղման արարողութիւններուն, յատկապէս եթէ

հանգուցեալը առնչուեր է ռազմական գործի հետ:

Սասունցիներուն սիրելի եարխուշտան կը կատարուէր բազմամարդ ուխտագնացութիւններու

ժամանակ Անդոկի, Մարութայ սարի, Ծովասարի եւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի տօներուն,

հարսանիքներուն եւ խնճոյքներուն:

Եարխուշտան այն աւանդական պարերէն է, որ շատ քիչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է:

Պարողներուն թիւը պէտք է զոյգ ըլլայ. անոնք կը բաժնուին երկու խումբի, որոնցմէ մէկը կը

յարձակի, միւսը կը դիմադրէ: Ձեռքերը ազատ են, առաջ եւ ետ, աջ ու ձախ շարժումներով եւ

ծափերով: Իրարու դէմ յանդիման գալով` ձեռքերը գլուխէն վեր կը բարձրանան եւ ափերով

իրարու կը զարնեն, որ կը խորհրդանշէ զէնքերու իրարու զարնուիլը: Շարժումներուն կշռոյթը

երթալով կ՛արագանայ եւ ծափերը կը դառնան կտրուկ:

Լեռների մէջ կայ պայքար,

Քարի մէջ երգ ու պար,

Ձեռքերի մէջ առնական

Հայ պարն է յաղթական:

Մշոյ ու Սասնայ պարը մեր

Հէյ տղերք, ձեռքերը վեր,

Թէ զարկէք, դողան սրտեր,

Քեզ ղուրպան, զէնքի ընկեր:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...