20-րդ դարու առաջին տասնամեակը կը մօտենար աւարտին, եւ Եգիպտոս կը շարունակէր յետ
մնալ աշխարհի շարք մը երկիրներէ տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ` իրաւաբանութեան,
Եգիպտոս մինչ այդ չունէր կին փաստաբան, բայց այդ ամէնը շուտով պիտի փոխուէր Տիկին
Նաթալի Միշէլի ձեռքով:
Փաստաբանուհի` Նաթալի Միշէլը կիրառած Է Եգիպտոսի հին օրէնքները դատարանը համոզելու
համար, 5 ամիս ետք 1908թ.ի սկիզբը, վերջապէս Եգիպտոս իր պատմութեան մէջ կ’ունենայ առաջին
կին փաստաբանը:
Աւստրալական «The Armidale Express» թերթը` օգոստոս 11, 1908թ.ի համարին մէջ, անդրադաձած է
Եգիպտոսի կին փաստաբանին «Վերջապէս Եգիպտոս որոշեց հետեւիլ ամբողջ աշխարհի օրինակին.
Մայիս 30-էն ունենալով առաջին կին փաստաբանը` Տիկին Նաթալի Միշէլը», գրած է աւստրալական
թերթը:
Աւելցնենք, որ փաստաբանը, որ հայ էր կրցած է գերազանցութեամբ անցնիլ բոլոր փորձութիւնները,
դիմումներ ներկայացնելով տարբեր դատարաններու մէջ դատեր իրականացնելու, Տիկին Նաթալին դատավարութիւններուն` պաշտպանութեան հիմք կիրառած է հին եգիպտական եւ հռոմէական
օրէնքները, եւ Եգիպտոսի դատարանները վերջապէս համաձայնած են իր պահանջին:
Նաթալի Միշէլը փաստաբանի ընտանիքի մէջ ապրելով, իր մասնագիտութեան մէջ հմուտ եղած է, անոր
հայրը` Մ. Կարապետով յայտնի փաստաբան եղած է:
