Եգիպտոսի Պատմութեան Մէջ Առաջին Կին Փաստաբանը Հայ Է

20-րդ դարու առաջին տասնամեակը կը մօտենար աւարտին, եւ Եգիպտոս կը շարունակէր յետ

մնալ աշխարհի  շարք մը երկիրներէ տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ` իրաւաբանութեան,

Եգիպտոս մինչ այդ չունէր կին փաստաբան, բայց այդ ամէնը շուտով պիտի փոխուէր Տիկին

Նաթալի Միշէլի ձեռքով:

Փաստաբանուհի` Նաթալի Միշէլը կիրառած Է Եգիպտոսի հին օրէնքները դատարանը համոզելու

համար, 5 ամիս ետք 1908թ.ի սկիզբը, վերջապէս Եգիպտոս իր պատմութեան մէջ կ’ունենայ առաջին

կին փաստաբանը:

Աւստրալական «The Armidale Express» թերթը` օգոստոս 11, 1908թ.ի համարին մէջ,  անդրադաձած է

Եգիպտոսի կին փաստաբանին «Վերջապէս Եգիպտոս որոշեց հետեւիլ ամբողջ աշխարհի օրինակին.

Մայիս 30-էն ունենալով առաջին կին փաստաբանը` Տիկին Նաթալի Միշէլը», գրած է աւստրալական

թերթը:

Աւելցնենք, որ փաստաբանը, որ հայ էր կրցած է գերազանցութեամբ անցնիլ բոլոր փորձութիւնները,

դիմումներ ներկայացնելով տարբեր դատարաններու մէջ դատեր իրականացնելու, Տիկին Նաթալին դատավարութիւններուն` պաշտպանութեան հիմք կիրառած է  հին եգիպտական եւ հռոմէական

օրէնքները, եւ Եգիպտոսի դատարանները վերջապէս համաձայնած են իր պահանջին:

Նաթալի Միշէլը փաստաբանի ընտանիքի մէջ ապրելով, իր մասնագիտութեան մէջ հմուտ եղած է, անոր

հայրը` Մ. Կարապետով  յայտնի փաստաբան եղած է:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...