Եկեղեցին Մեր Էութիւնն է. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

Եկեղեցին մեր էութիւնը, մեր ուղն ու ծուծն է: Եթէ հանէք մեր հայ ժողովուրդի պատմութենէն մեր Եկեղեցին, ըսէք տեսնեմ, ի՞նչ կը մնայ մեր պատմութենէն: Դուրս թողեցէք մեր պատմութենէն այն փաստը, որ մենք եղած ենք առաջին ազգը, որ պաշտօնապէս ընդունած է Քրիստոնէութիւնը իբրեւ իր կրօն: Կամ այն փաստը, որ Եկեղեցին էր, որ ստեղծեց Հայոց այբուբենը: Կամ այն փաստը, որ առաջին գիրքը, որ գրուած է հայերէն լեզուով, եղած է Աստուածաշունչը` Ե. դարուն: Հանեցէք մեր պատմութենէն այն փաստը, որ ամբողջ մեր գրականութիւնը ներշնչուած է քրիստոնէական ապրելակերպէն, մտածելակերպէն: Հանեցէք պատմութենէն Հայաստանի մէջ տարբեր դարերուն կառուցուած եկեղեցիները` Էջմիածինը, Վարագավանքը, Գեղարդավանքը, Սանահինը, Հաղպատը, Մարմաշէնը, Հառիճավանքը, Տաթեւը, Հռիփսիմէն, Գայեանէն եւ տակաւին ուրիշ բազմաթիւ վանքեր: Ի՞նչ կը մնայ մեր մշակոյթէն: Կամ վերցուցէք մեր ճարտարապետութիւնը, կատարուող մեր Պատարագը, ձեռագրերը, մանրանկարները, խաչքարերը, եւ ըսէք տեսնեմ, թէ ի՞նչ կ’ունենանք ներկայացնելու աշխարհին: Մեր բանակնե՞րը, յաղթանակնե՞րը, ե՞րբ եւ որտե՞ղ եղած են անոնք, տնտեսական ո՞յժը: Բարոյական արժէքներն են, որ մեզ պիտի մեծցնեն, անոնցմով  մենք մեծ եղած ենք, ոչ մեր տնտեսութեամբ եւ ոչ ալ մեր քաղաքական թագաւորութիւններով իշխած ենք: Ինչ որ եղած ենք, մեր հոգեկան արժէքներով, մեր մշակոյթով եղած ենք: Եկեղեցին միշտ եղած է մեր ազգի հոգին խնամող, մեծցնող, զօրացնող եւ կեանքի մէջ յաղթանակի առաջնորդող ոյժ:

Գարեգին Ա Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...