Եղեւնին

Նոր տարին մօտ էր:

Մտածեցի ծառ մը գնել: Փողոց ելայ: Երկար թափառելէ ետք՝ կիսաւեր ցանկապատի մը վրայ

տեսայ աղջնակ մը, որ հնամաշ վերարկուին մէջ փաթթուած՝ հազիւ լսելի ձայնով կը կանչէր.
-Եղեւնի՜, նոր տարուան եղեւնի:
Կանգ առի: Ոչ մէկ ծառ կը տեսնուէր:
-Մէյ մը ցո՛յց տուր այդ եղեւնին,-ըսի հետաքրքիր:
Ան դարձաւ պարտէզին կողմը եւ ցուցամատը ուղղելով ծառի մը՝ պատասխանեց.
-Ահա, ա՛յս է:
-Բայց տակաւին չես կտրած զայն:
-Ո՛չ, չեմ կտրած,- պատասխանեց շփոթած:
Սիրուն ծառ մըն էր, համաչափ ճիւղերով ու խիտ տերեւներով, որուն համար ան պահանջեց

կոկիկ գումար մը:
-Շատ լաւ, համաձայն եմ,- ըսի ես ու ձեռքս գրպանս տարի փոխարժէքը պատրաստելու համար:

-Հիմա սղոցը կը բերեմ,- ըսաւ աղջնակը իջնելով ցանկապատէն եւ թեթեւ ոտքերով ուղղուեցաւ

պարտէզին խորը գտնուող խրճիթը: Քիչ ետք վերադարձաւ փոքր ու ժանգոտած սղոցով մը, որուն

բռնակը կոտրած էր: Ապա տխուր ձայնով ըսաւ.
-Գիտէ՞ք, հայրս տնկած էր այս եղեւնին:
-Ինչո՞ւ, ո՞ւր է հայրդ,- հարցուցի:
-Երկու տարի առաջ մեռաւ: Այս եղեւնին անոր յիշատակն է:
Եւ բթամատն ու ճկոյթը լայն բանալով՝ շարունակեց.

-Ճիշդ այսքան փոքր էր տունկը, երբ հայրս բերաւ զայն եւ տարեդարձիս օրը տնկեց, իսկ հիմա, տեսէ՛ք,

որքան մեծցեր է: Ճիշդ հասակիս չափ է եղած:
Եւ իրապէս ալ ծառն ու աղջնակը հասակակից էին:
Անոր նիհար ու ցուրտէն կապուտցած դէմքը յանկարծ պայծառեցաւ եւ տխուր աչքերը կարծես պահ մը

փայլեցան:
Ես դարձեալ դիտեցի ծառը:
Ով գիտէ ինչ երազներով խեղճ մարդը տնկած էր, մինչդեռ անոր զաւակը հիմա ստիպուած է ծախել զայն՝

քիչ մը սնունդ կամ կտոր մը հագուստ ճարելու համար:

-Գիտե՞ս ինչ,- պատասխանեցի,- չեմ ուզեր ծառը: Չեմ ուզեր, որ կտրես հօրմէդ մնացած այդ յիշատակը:
Ու դրամը դժուարաւ դնելով ափին մէջ՝ հեռացայ:

Ուրիշ բնական ծառ փնտռելու տրամադրութիւն չունէի: Կը մտածէի որ ամէն ծառ ալ մէկուն յիշատակը

կրնար ըլլալ: Ուստի, մտայ հանրախանութ մը եւ արուեստական տօնածառ մը գնելով վերադարձայ տուն:

Տնեցիները, որոնք գիտէին դուրս ելլելուս պատճառը, շատ բան չհասկցան թեւիս տակ գտնուող տուփին պարունակութենէն: Առաջինը կրտսեր աղջիկս էր, որ հետաքրքիր մօտեցաւ, խլեց տուփը ու բացաւ զայն:

Այն ատեն անոնց պատմեցի եղելութիւնը: Աղջիկս, որ մօտաւորապէս նոյն տարիքը ունէր, յուզուած

ձայնով մը ըսաւ.

-Այս մէկը աւելի գեղեցիկ է, հայրի՛կ: Ալ երբե՛ք իսկական ծառ մի բերեր:

Հ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...