«Երազ». Մանէ Խաչատրեան

1915 թուականի ապրիլի առաջին շաբաթն էր:

Կանաչապատ ձորեր, մեծ դեղին արեւ․ Մլքիշա գիւղի խաղաղ միջօրէն կը թնդար երեխաներու

ուրախ  խաղով: Նոր թխած լաւաշի բոյրը ծաւալուած էր օդին մէջ, եւ չնայած հեռուէն եկող

տարօրինակ շշուկներուն` կը թուէր ` կեանքը այսպէս ալ պիտի շարունակուի: Ինչպէս դարեր

ի վեր:

Բայց  սարսափելի գոյժ մը խռովեց գիւղի անդորրը:

Սովորականի պէս Սլէ Թըմօ անունով քիւրտը հիւրընկալուած էր Սարգիսի` գիւղի ռեսի

(գիւղապետի) տունը: Սարգիսը  խիզախ եւ արի մարդ մըն էր, յաղթանդամ եւ գեղեցիկ, որ պատրաստ

էր գիւղին համար իր կեանքը տալու: Անոր կինը` Ռեհանը, իսկական գեղեցկուհի էր, ուրախ ու

հիւրասէր հայուհի, օրուան մեծ մասը երեխաներով  զբաղած էր:

Այս անգամ ճաշէն ետք Սարգիսը Թըմոյին տարաւ գիւղի սահմանը, ուր  բլուր մը կար: Այդտեղէն

պիտի ճանապարհէր եւ ետ գար: Բայց այդ օրը ճակատագրական եղաւ  Սարգիսի համար:  Քիւրտ

Թըմոն դաւադրաբար սպաննեց Սարգիս պապին: Առանց վայրկեան մը մտածելու եւ առանց խղճի

խայթի` սպաննեց այն մարդուն, որուն հետ տարիներ շարունակ հաց կերած էր եւ կեղծաւորի նման

եղբայր ձեւացած:

Գիւղացիները այդ վայրկեանէն խուճապի մատնուեցան` հասկնալով, որ գլխատուեցան: Այդ

պատմութենէն  յետոյ մարդիկ, որ չէին ուզեր հաւատալ գիւղ թափանցող լուրերուն, հասկցան,

որ  կոտորածը սկսած է: Գիւղի բոլոր տուներէն լաց ու կոծի ձայներ կու գային:

Սարգիս պապի ընտանիքը որբացաւ` ընտանիքին մէջ մնաց Ռեհան տատը եւ զաւակներէն երեքը`

երկու տղայ եւ մէկ աղջիկ: Երեք մեծ աղջիկներն ալ ամուսնացած էին: Անոնց երեքին կեանքն ալ

դաժանաբար ընդհատուեցաւ:

Առաջին աղջկան` Եւային, որն ունէր երեք չքնաղ տղայ հրկիզեցին` գիւղը շրջափակելով եւ մարդոց

փակելով իրենց տուներուն մէջ:

Դաժանաբար․․․

Երկրորդ աղջիկը` Լալէն, չնայած որ խուլ ու համր էր,  իսկական գեղեցկուհի մըն էր: Լալէի ձեռքը

շատերը խնդրած էին, ան ամուսնացած էր եւ ունէր կուրծքի երեխայ: Անոր կը հետապնդեն,

որովհետեւ ֆիտայիի կին էր, իսկ առաջինը կը բնաջնջուէին ֆիտայիներու ընտանիքները:

Երկար հետապնդումէ ետք` գարնանային օր մը, Լալէին եւ երեխային կը բռնեն, կը տանին ամայի

դաշտ մը, կը սպաննեն ու կը թողնեն արեւի տակ: Երեխան չեն սպաններ, քանի որ գիտէին` երկար

չապրիր:

Կ՛անցնին օրեր:

Լալէի գիւղէն Ֆէատ անունով  տասնամեայ փոքրիկ մը, այդտեղէն անցնելով, շարժում կը տեսնէ:

Կը հասկնայ , որ ատիկա Լալէի երեխան է: Կը շտապէ Ռեհան տատի տուն, որ զգուշացնէ: Ռեհան

տատը, ասիկա լսելով, Ֆէատին  կ՛ուղարկէ երեխան բերելու: Քաջ ու խիզախ փոքրիկը կ՛երթայ,

կը գտնէ երեխան եւ կը բերէ կու տայ Ռեհան տատին:

Բայց երեխային կեանքը, աւա՜ղ,  չեն յաջողիր փրկել․ երկար օրեր ծծած էր մահացած մօր կուրծքը:

Հեռացաւ․․․

Երրորդ աղջիկը (ոչ մէկը կը յիշէ անոր անունը) զաւակ չունէր: Անոր ճակատագիրն այդպէս ալ

անյայտ մնաց: Ոչ մէկը գիտցաւ ` ան անցա՞ւ սահմանը, մնա՞ց այստեղ, թէ՞ զոհուեցաւ:

Կորսուեցաւ․․․

Երեք տարի անց Սլէ Թըմոն կու գայ Ռեհան տատի մօտ եւ կ՛ըսէ․

-Որ իմանայիր, Ռեհա՛ն, ով  սպաննած է Սարգիսը , ի՞նչ կ’ըսէիր:

-Ին՞չ պիտի ըսէի, աղա՛ ջան, թող վիզը եօթ  տեղէ կոտրուի, իր երեխաներն  ալ իմ երեխաներուս

նման որբ մնան:

Սլէ Թըմոն քահ-քահ ծիծաղելով կ՛ըսէ․

-Քու օրհնանքով  ծնած եմ, որ քու անէծքով ալ մեռնի՞մ, Ռեհա՛ն:

Այս ըսելով` հպարտ-հպարտ կը հեռանայ:

Մէկ տարին չանցած`  լուր կը բերեն, թէ աչքդ լոյս, Ռեհա՛ն, Սլէ Թըմոյին Ստամպուլի կեդրոնին

մէջ կախաղան  հանած են:

Նոր գարուններ կու գային, բայց Մլքիշայի վրայ ալ չէր տարածուիր լաւաշի բոյրը, եւ լռութիւնը կը

ծանրանար խորը կանաչ ձորերուն մէջ:

Ռեհան տատն ալ միւսներուն պէս հարկադրուած եղաւ երեխաներուն հետ դեգերել գիւղէ գիւղ,

մինչեւ կեանքը անոր նետեց Սուրիա, յետոյ Հայաստան:

Ես չեմ տեսած Ռեհան տատը, անոր մասին պատմած են ինծի մեր տան մեծերը:

Սակայն, չեմ գիտեր ինչու, երբեմն կը տեսնեմ նոյն երազը` կանաչապատ ձորեր, մեծ դեղին արեւ․․․

Ես ուրիշ երեխաներու հետ կը խաղամ ուրախ:

Մէյ մըն ալ խաղը կ՛ընդհատուի,  աղջիկ մը (կը ճանչնամ, Ռեհան տատի երրորդ դուստրն է) կը

մօտենայ մեզի, յետոյ կը հեռանայ, տեսիլքի պէս կը կորչի խոր ձորերուն մէջ:

Ձայն կու տամ, կը կանչեմ եւ իմ ձայնէս ալ կ՛արթննամ: Ախր երազիս մէջ տուած էի անոր անունը,

լսած ձայնիս արձագանգը, իսկ հիմա որեւէ կերպ չեմ յիշեր:

Ներսս, սենեակս, աշխարհը լեցուած են   անանուն  ցաւով ու կարօտով :

Կը նայիմ, պատուհանէն դուրս մեծ եւ կարմիր արեւն է․․․

 

 

 

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...