Երեխաներուն հետ հաւասար վերաբերիլը կարեւոր է եւ պարտադիր

Յաճախ մենք արդարութիւն կը պահանջենք աշխատանքի վայրին մէջ, ուսման տարիներուն,

սակայն չենք մտածեր, որ արդարութեան զգացումը տունէն կու գայ: Ծնողքը կը մտածէ, որ

արդարութիւնը էական հարց չէ, երեխաները տարբեր են, հետեւաբար իրենց հանդէպ եղած

վերաբերմունքն ալ տարբեր է, ծնողքին համար կարեւորը, բոլորին հաւասար սիրելն է, այս

ընկալումը լուրջ սխալ է: Երեխայի հանդէպ արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը շքեղութիւն չէ,

եւ ատիկա ոչ միայն գումարի , այլ սիրոյ, զայրոյթի, պատիժի եւ պարգեւի մէջ է: Ատիկա համբոյրի,

գրկախառնութեան, կատակի, երկխօսութեան եւ բարոյական պարգեւներու մէջ է:

Արդարութեան  կարեւորութիւնը.-

• Հասարակութեան ներկայացնել արդար եւ հաւասարակշռուած երեխաներ:

• Երեխաներուն մէջ եղբայրութիւն սերմանել բառին բուն իմաստով, որպէսզի անոնք յենարան

ըլլան իրար:

• Նպաստել հասարակութեան մէջ արդարութեան հայեցակարգի տարածման, քանի որ արդարն

արդար է ամէն տեղ:

• Նաեւ վայելեցէք երեխաներու արդարութիւնը, քանի որ ճնշուած երեխաները կրնան բացասական

զգացողութիւններով լեցուիլ, նաեւ ձեր նախընտրած երեխան մեծնալէն ետք կրնայ անտարբեր

ըլլալ ձեր նկատմամբ:

Երեխաներու միջեւ հաւասարութիւն պահպանելը առողջ կրթութեան հիմքն է, նաեւ ամենամեծ

դժուարութիւնը:

Յիշեցէք, որ մարդկային յարաբերութիւնները կերտուած են փոխադարձ հիմքի վրայ :  Եթէ դուք

անարդարութիւն եւ խտրականութիւն ցուցաբերէք ձեր երեխաներուն հանդէպ, չմեղադրէք

զիրենք, եթէ ձեր նկատմամբ անարդար գտնուին:

Օրինակ ծառայեցէք ձեր զաւակին եւ հասարակութեան ապահովեցէք լաւ անհատականութիւն,

վայելեցէք համերաշխ ընտանիք, արդար որդիներ եւ սիրող ընտանիք, այս բոլորը միայն այն

պարագային, եթէ սիրէք, նուիրուիք եւ արդարութիւն պահպանէք ձեր

երեխաներուն միջեւ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...