«Երեւանը Չենք Դատարկեր…». Արամ Մանուկեան

Մայիսի 21, 1918-ին, թշնամին պաշարած էր Արարատեան դաշտը։ Այս անգամ ան եկած էր

բնաջնջելու հայութեան մնացորդացը։ Թրքական բանակները դիրք բռնած էին Սարդարապատի,

Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ։

Հայ ժողովուրդը լքուած էր բոլորէն։ Սակայն առանցին չէր։ Իր սրտին մէջ էր Հայասպանութեան

ցաւը։ Իր թիկունքին էր հայկական յեղափոխութեան փորձառութիւնը։ Իր բազուկին մէջ էր հայ

ֆետայիին կամքը։ Եւ մանաւա՛նդ իր առաջնորդն էր ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆը՝ հայկական լեռնաշխարհի

արի զաւակը։

Արամ վճռեց.- «ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԱՏԱՐԿԵՐ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ԿԱԹԻԼ ԱՐԻՒՆԸ»։ Հայ ժողովուրդը

գործադրեց Արամին վճիռը։ Երեւանը չդատարկեցինք։ Թշնամին պարտուեցաւ երեք ճակատներու վրայ։

Այսպէս ծագեցաւ հայութեան «վարդահեղեղ արշալոյսը»։ Հայ ժողովուրդը նուաճեց իր ազգային

անկախութիւնը՝ Մայիս 28ին։ Վեց դարերու պետականազուրկ գոյութենէ ետք հայ ժողովուրդը

վերականգնեց իր սեփական պետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Այս պատմական նուաճումը կը պարտինք մեր քաջարի ժողովուրդին։ Եւ մեր ժողովուրդը իր

յաղթանակը կը պարտի իր Զանգեզուրածին Արցախցի հարազատ զաւակին՝ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆին։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...