Երեւանը

Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանը աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է հնագիտական պեղումներով պարզուած է, որ մարդը այստեղ բնակած է տասնեակ հազարաւոր տարիներ առաջ, ան կը գտնուի Արարատեան դաշտին մէջ՝ Հրազդան գետի ափին՝ իր մէջ պարփակելով գետը։ Մշտական բնակչութեան քանակով (2014 թուականի տուեալներով)  կը կազմէ աւելի քան 1 միլիոն 68 հազար մարդ, Հայաստանի խոշորագոյն քաղաքն է, 1918 թուականէն սկսեալ Երեւանը Հայաստանի մայրաքաղաքն է եւ 12-րդ մայրաքաղաքն է՝ Հայաստանի պատմութեան ընթացքին։

  1. Արմաւիր
  2. Վան
  3. Երուանդաշատ
  4. Արտաշատ
  5. Տիգրանակերտ
  6. Վաղարշապատ
  7. Դուին
  8. Բագարան
  9. Շիրակաւան
  10. Կարս
  11. Անի
  12. Երեւան

Երեւանը հիմնադրուած է Վանի թագաւորութեան արքայ՝ Արգիշտի Ա.-ը Ք.Ա. 8-րդ դարուն (782թ.)։ Քաղաքի տեղանուան ծագման հետ կապուած կան շատ վարկածներ, մասնաւորապէս, ըստ ժողովրդական աւանդոյթին, Երեւանը կը կապուի Նոյեան անուան հետ, իբրեւ Նոյը այդպէս կոչած է առաջին ջրհեղեղէն յետոյ երեւացող ցամաքը։ Միջնադարուն քաղաքը մտած էր Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի մէջ՝ Կոտայք գաւառի սահմաններուն մէջ։ 2018 թուականին, լրացաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, Երեւանը դարձաւ 2800 տարեկան։

Երեւանը կոչուած է նաեւ Այրիւան, Էրիւան, Րեւան եւ այլ անուններով:

1950 թուականին Արին Բերդ բլուրին վրայ գտնուած սալաքարի մը վրայ գրուած գրութիւնը կը հաստատէ, որ  Էրեբունին եւ Երեւան նոյն քաղաքներն են։ Սալաքարի վրայ գրուած է.

Aquote1.png Խալդի աստուծոյ զօրութեամբ Արգիշտին՝ Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց Էրեբունի՝ ի հզօրութիւն Բիայնիլի երկրի եւ ի սարսափ թշնամի երկիրներու։ 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...