Երեւան Քաղաքը

Երեւան անունը Էրեբունի բառի փոխուած տարբերակն է։ Ուրարտերէն «բ» հնչիւնը հայերէնի մէջ կը կարդացուի «ւ»։ Էրեբունի անունը դարձած է Երեւունի ապա Երեւան։

Պահպանուած պատմական արձանագրութեան շնորհիւ գիտնականները որոշած են Երեւանի ծննդեան թուականը՝  քրիստոսէ առաջ 782 թուականին։

Էրեբունի-Երեւանը հիմնադրուած է Հռոմ քաղաքէն 29 տարի առաջ, ան աշխարհի ամենահին քաղաքներէն մէկն է։

Դարերու ընթացքին Երեւանը դիմադրած է տարբեր թշնամիներու յարձակումներուն՝ ասորիներու, հռոմէացիներու, բիւզանդացիներու, պարսիկներու, արաբներու, սելջուկներու, մոնկոլներու, թուրքերու,  բայց ան կանգուն մնացած է։

1918 թուականի Մայիս 28-ին, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, Երեւանը դարձաւ մայրաքաղաք։

1920 թուականի Նոյեմբեր 29-ին Երեւանը դարձաւ Խորհրդային Հայաստանի մայրաքաղաք։

1924-ին Մեծ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան կազմեց երեւանի յատակագիծը։

Երեւանի շէնքերը սկսան կառուցուիլ տարբեր քարերով, բայց ամենատարածուածը վարդագոյն տուֆն էր, անոր համար ալ ան կոչուեցաւ վարդագոյն քաղաք։

1991 Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանը անկախացաւ եւ Երեւանը դարձաւ համայն հայութեան մայրաքաղաքը։

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...