Երկու Եղբայրներ՝ Սանասար եւ Պաղտասար

Շատ, շատ տարիներ առաջ կ’ապրէին երկու եղբայրներ՝ Սանասար եւ Պաղտասար։
Սանասար մեծ եղբայրն էր, Պաղտասար՝ փոքրը։ Անոնք շատ կը սիրէին զիրար։ Ուզեցի բարձր բերդ մը շինել Հայաստանի մէջ։
Շատ տեղեր շրջեցան եւ վերջապէս հասան բարձր ու լեռնային տեղ մը։
Այնտեղ, ձորին մէջ գետ մը կ’անցնէր, իսկ քիչ մը անդին, վերէն կուգար բարակ առու մը, որ ուժգին կը թափէր այդ գետին մէջ։

Առուն սուրի մը պէս կը ճեղքէր գետը եւ երկար ժամանակ չէր խառնուեր գետի ջուրերուն։
Երկու եղբայրները տեսնելով այս առուի ուժը շատ զարմացան։

Սանասար ըսաւ Պաղտասարին.
-Ով որ գտնէ այս բարակ առուին ակը եւ խմէ անկէ անոր պէս շատ կը զօրաւոր կ’ըլլայ։
Երկու եղբայրները բարձրացան լեռ, ուրկէ կ’ իջնէր առուն։ Մարդ մարդասանք չկար հոն։ Հասան ակին մօտ եւ կուշտ ու կուռ խմեցին անոր ջուրէն։

Երբ որ խմեցին, յանկարծ անոնց աչքերը լուսաւորուեցան զօրաւոր լոյսով մը եւ մեծ ուժ մը եկաւ անոնց վրայ։

Երկու եղբայրները ակին ջուրը խմելէն ետք, դարձան անյաղթելի հսկաներ։
Սանասար ըսաւ Պաղտասարին.
-Եղբա’յր, մեր շէնքը պէտք է շինենք , այս ակին քով։
Պաղտասար համաձայն եղաւ եղբօրը։

Երկու եղբայրները անմիջապէս սկսան փորել հիմերը։ Բերդի հսկայ քարեր բերին։ Բարձրացուցին բազմաթիւ սիւներ։ Շուտով կառուցեցին բերդը՝ հսկայ ու բազմաթիւ սիւներով։
Սքանչելի բերդ մը եղաւ, շատ բարձր ու գեղեցիկ բերդ մը, լերան կատարին եւ ակին քով։
Այն ատեն Պաղտասար ըսաւ Սանասարին.
-Եղբա’յր, լուր տանք Մելքոն թագաւորին, թող գայ եւ անուն մը դնէ մեր բերդին։
Մելքոն թագաւորը կը բնակէր Ախլաթ քաղաքի մէջ։
Պաղտասար գնաց Մելքոն թագաւորի քով եւ ըսաւ անոր.

-Ո՜վ թագաւոր, մենք բերդ մը շինեցինք։ Եկուր անուն մը դիր բերդին եւ քու աղջիկդ կնութեան տուր մեծ եղբօրս։
– Լաւ,- ըսաւ Մելքոն թագաւոր։
Մելքոն թագաւոր հեծաւ իր ձին, առաւ իր աղջիկը եւ պաղտասարին հետ գնաց դէպի բերդը։


Մելքոն թագաւոր տեսաւ բերդը, հիացաւ անոր վրայ եւ ուզեց բերդի մեծ դռնէն ներս մտնել ։
Սանասար ելաւ անոր առջեւ եւ ըսաւ.
-Ո՜վ թագաւոր, նախ անուն մը դիր բերդին յետոյ ներս մտիր։
Մելքոն թագաւոր, նայեցաւ բերդին, տեսաւ բազմաթիւ սիւներ եւ ըսաւ.
-Սա Սիւն է։
Այդ օրէն բերդին անունը մնաց Սասուն։

     
Յետոյ հարսանիք եղաւ, եօթը օր եւ գիշեր ուրախութիւն ըրին։ Սանասար ամուսնացաւ Մելքոն թագաւորի աղջկան հետ, որ շատ գեղեցիկ էր։
Սանասար եղաւ Սասունի իշխանը։


Սանասար ժողովուրդ հաւաքեց բերդին շուրջ։ Տուներ շինեց անոնց համար եւ ժողովուրդը սկսաւ բազմանալ Սասունի մէջ։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...