Պոլսոյ Պապըալի պողոտայի առաջին գրավաճառը եղած է հայ Առաքել Թոզլուեանը:
Առաքել Թոզլուեան էֆենտին Պապըալիի մէջ իր գրախանութը հիմնած է 1875-ին եւ ժամանակի հետ սկսած է զբաղիլ նաեւ հրատարակչութեամբ: 1884-ին հրատարակուած է «Առաքելի գրադարան»-ի գրացուցակը, որ առաջինն էր իր տեսակին մէջ: Գրքոյկին նպատակն էր` ընթերցասէր հասարակութեան համար հեշտացնել իրեն անհրաժեշտ գիրքերու որոնումը:
Պապըալիի մէջ ընդհանրապէս սկզբնական շրջանի բոլոր գրավաճառները հայեր եղած են: Հայերու շնորհիւ է, որ գիրքը դարձած է առուծախի առարկայ, վաճառուած սրճարաններու, խանութներու եւ այլ մարդաշատ վայրերու մէջ:
Առաքել էֆենտին ձեռնամուխ եղած է դասագիրքերու հրատարակման, որոնք տպագրուած են 100-աւոր օրինակներով: 1891-94 թուականներուն Առաքել Թոզլուեանը «Գրպանի գիրք» ձեւաչափով շարք մը վէպեր հրատարակած է:
Որոշ աղբիւրներու համաձայն` դեռ Առաքել Թոզլուեանէն առաջ Թորոս անունով մարդ մը Պապըալիի մէջ գրախանութ բացած է, սակայն գործերը այնքան ալ յաջող չեն ընթացած, ան ստիպուած եղած է գիրքերը պարկերը լեցնելով վաճառել ու հեռանալ: Այնուամենայնիւ, որպէս Պապըալիի առաջին գրավաճառ յայտնի է Առաքել Թոզլուեանը: Վերջինիս մասին կենսագրական տուեալները քիչ են: Յայտնի է, որ Առաքել էֆնտին ծագումով Կեսարիայէն եղած է: