Ժպտելու Կարեւորութիւնը. Ժպտեցէք եւ Կեանքը Կը ժպտի Ձեզի

Ժպիտը կ՝աշխուժացնէ ուղեղի որոշ աշխատանքներ, որոնք դրական ազդեցութիւն կ՝ունենան մարդու վրայ:

  1. Ժպիտը երջանկութիւն կը բերէ. Ժպիտը ազդանշան կ՝ուղարկէ ուղեղին, որ դուք երջանիկ էք, իսկ երբ դուք երջանիկ էք, մարմնի մէջ կ՝արտադրուի մեծ քանակով էնտորֆին հորմոնը, եւ ասոր իբրեւ արդիւնք կը բարձրանայ ձեր տրամադրութիւնը:
  2. Ժպիտը երջանկութիւն կը պարգեւէ ձեզ շրջապատող մարդոց. Ժպիտը վարակիչ է: Երբ մարդ կը տեսնէ իր ժպտացող ընկերը, ինք ալ կը սկսի ժպտիլ եւ անոր տրամադրութիւնը նոյնպէս կը բարձրանայ:
  3. Ժպիտը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ ձեզ. Ժպտերես մարդիկ աւելի գրաւիչ են:
  4. Ժպիտը կ՝օգնէ ազատիլ ճնշախտէն. Ժպիտը կ՝օգնէ ազատիլ ճնշախտէն, յոգնածութենէն:Երբ մենք կը ժպտինք, մեր երջանկութեան ազդակները «կը ստիպեն» ազատիլ ճնշախտէն, որ դրականօրէն կ՝ազդէ մարդու առողջութեան ընդհանուր վիճակին վրայ:
  5. Ժպիտը աւելի գրաւիչ է, քան դիմայարդարումը. Մարդոց 69%-ը կը կարծէ, որ ժպտացող կինը աւելի գեղեցիկ է, քան շպարուած ու դիմայարդարուած կինը: Ժպտելու ընթացքին կնոջ դէմքի մկանները կը քաշեն անոր մաշկը եւ աւելի երիտասարդ տեսք կու տան անոր:
  6. Ժպիտը դրականօրէն կ՝ազդէ մարդու առողջութեան վրայ. Ժպիտը կը բարելաւէ մարդու դիմադրողականութիւնը, իսկ ծիծաղը կ՝այրէ ճարպերը, կը նպաստէ արեան շրջանառութեան, կը նուազեցնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը, կը կարգաւորէ քունը:
  7. Ժպիտը յաջողակ կը դարձնէ ձեզ. Ժպտադէմ մարդիկ աւելի ինքնավստահ  մարդու տպաւորութիւն կը ձգեն։
  8. -ժպտելու ժամանակ մարմինը կ’արտադրէ այնպիսի հորմոններ, որոնց շնորհիւ դուք կ’ունենաք բարձր տրամադրութիւն։
  9. Գլխուղեղը անմիջապէս կ’արձագանգէ ձեր ժպիտին եւ անոր արդիւնաւէտութիւնը կ’աւելնայ։
  10. Ձեր ժպիտին ի պատասխան ակամայ կը ժպտին  նաեւ ուրիշները եւ դրական լիցքեր կը ստանան։

     

  11. ժպիտը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ ձեզ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ դիմացինին։
  12. Տխրելու ժամանակ ժպտիլը ուժ կու տայ ձեզի՝ շուտ յաղթահարելու դժուարութիւնը։

Ասոյթներ Ժպիտի մասին

Եթէ կ’ուզէք կեանքը ժպտի ձեզի, նախ լաւ տրամադրութիւն պարգեւեցէք անոր:

Թող ժպիտդ փոխէ աշխարհը , բայց թոյլ մի տար , որ աշխարհը փոխէ ժպիտդ:

Գեղեցիկ ժպիտը ամենապարզ միջոցն է փոխելու ձեր արտաքինը:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...