Ի՞նչ Գիտենք Շուներու Մասին

Շունը վայրի կենդանիներէն առաջինն է, որուն հետ ընտելացած է մարդը դեռ քարէ դարուն՝

շուրջ 2000 տարի առաջ։

 

Հիմա կայ շուներու աւելի քան 400 տեսակ, բոլորն ալ յառաջացած են գայլէն։ Շուները մարդոց

ամենալաւ բարեկամներն են՝ հաւատարիմ ու նուիրուած։ Անոնք ալ շատ բաներով կրնան

զարմացնել մեզ։  Ինչո՞վ, հիմա կը գիտնանք։

Շուները ունին ժամանակի լաւ զգացողութիւն, գիտեն թէ երբ պէտք է պտոյտի երթան, երբ է

ուտելու ժամը, երբ տէրը կը վերադառնայ աշխատանքէն, կարելի է նոյնիսկ տան ժամացոյցը

ուղղել հետեւելով շան պահուածքին:

Շուները ունին լաւ զարգացած տեսողութիւն, կրնան տարբերել կարմիր եւ կանաչ գոյները։ Իսկ

շուներու հոտառութիւնը հարիւր անգամ աւելի լաւ է քան մարդունը։ Այնպէս որ ոսկորը ուր ալ

պահէք իրենք կը գտնեն

Շուները ոչ միայն կը լսեն այլեւ երաժշտական բարձր ճաշակ ունին

Շուները շատ լաւ կը վազեն եւ կը լողան։ Արջի պէս հաստաթաթ ու բրդոտ, ծանր պոչով, սեւ, մեծ

ջրասուզները կրնան սուզուիլ ու փրկել խեղդուողները։

Պատերազմի ժամանակ շուները ականները գտնելու լաւ օգնականներ են, մարտի դաշտին անոնք

կը գտնեն վիրաւորները եւ փամփուշտներու մէջէն վազելով կը հասնին այնտեղ ուր մարդը չի կրնար

հասնիլ եւ լուրեր կը հասցնեն։

 

 

 

 

 

 

 

 

Ուրեմն շուները մարդու ամենալաւ բարեկամներն ու օգնականներն են

Աղբիւրը mocak.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...