Ի՞նչ Գիտենք Չղջիկներու Մասին

Չղջիկները կ’անուանեն նաեւ թռչող մուկեր, որովհետեւ այս կնդանիները շատ նման են մուկերու։

Չղջիկները երկրագունդի միակ կաթնասուններն են, որոնք կրնան թռչիլ:

Աշխարհի մէջ յայտնի է չղջիկներու 1100 տեսակ: Հայաստանի մէջ կայ չղջիկներու 28 տեսակ:

Չղջիկը ցերեկը փաթթուելով իր լայն թեւերուն մէջ, գլխիվայր կը կախուի եւ կը մնայ փչակի մէջ,

կամ որեւէ մութ տեղ, իսկ գիշերը կը թռչի որսի: Անաղմուկ կը ճախրի երկնքի մէջ՝ յաճախ

թափահարելով թեւերը:

Չղջիկներ կ’ուտեն մեծ քանակութեամբ միջատներ եւ այդպէս զգալի օգուտ կը բերեն:

Չղջիկները կը կողմնորոշուին անդրաձայնով. Թռչելու ժամանակ մօտակայ առարկաներէն ու

միջատներէն արձակուած ձայնէն կ’որոշէ ինչպէս  հետապնդէ միջատը:

Չղջիկներու տեսողութիւնը թոյլ է եւ յարմարեցուած է միայն մթութեան: Սակայն չղջիկները անոր

փոխարէն, շատ լաւ զարգացած լսողութիւն ու հոտառութիւն ունին, ինչը անոնց կ’օգնէ որսալ եւ

կողմնորոշուիլ տարածութեան մէջ:

Չղջիկները ցուրտ եղանակին ձմեռնային քուն կը մտնեն: Անոնք կը բազմանան տարին 1 անգամ,

կ’ունենան 1–2 ձագ: Երկարակեաց են, կ’ապրին մինչեւ 20 տարի:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...