Ի՞նչ Գիտենք Սկիւռի Մասին

Սկիւռը կրծող, ստնաւոր պզտիկ կենդանի մըն է, որ կ՛ապրի Եւրոպայի, Ամերիկայի, Ասիոյ

եւ Ափրիկէի անտառներուն մէջ: Ան իր ուտելիքը գտնելէ ետք, իր ժամանակին մեծ մասը

կ՛անցընէ խաղալով եւ ծառէ ծառ ցատկելով:

Սկիւռին հասակը կը հասնի 20 սանթիմեթրի: Պոչի երկարութիւնը կը հասնի մօտաւորապէս

20 սանթիմեթրի: Ան կենդանիին կը ծառայէ իբրեւ ղեկ, երբ ան ծառէ ծառ կը ցատկէ:

Սկիւռը կը կշռէ 250-300 կրամ

Գոյնը մոխրագոյն կամ շէկ գոյնը կախեալ է իր գտնուած շրջաններէն եւ սկիւռի տեսակներէն:

Սկիւռի բազմաթիւ տեսակներ կան:

Սկիւռը մօտաւորապէս 10 տարի կ’ապրի:

Սկիւռը իր բոյնը կը շինէ ծառի մը բարձր ճիւղերուն վրայ` խոտերով, տերեւներով, շիւղերով,

մամուռներով եւ կեղեւի կտորներով: Շատ հանգիստ բոյն մըն է, որ երկու մուտք ունի` գլխաւոր

մուտք եւ աւելի պզտիկ մուտք` վտանգի ժամանակ փախուստ տալու համար:

Սկիւռի նախասիրած ուտելիքներն են խոզկաղին, շագանակ, ընկոյզ, կաղին, վայրի պտուղներ

եւ նաեւ կենդանիի հաւկիթներ: Ան ուտելիքը կը բռնէ մատներ ունեցող իր թաթերով (չորս մատ`

առջեւի թաթերուն վրայ, հինգ մատ` ետեւի թաթերուն վրայ): Իր չորս հերձամատները իրեն

կարելիութիւնը կու տան դիւրութեամբ կեղեւները կտրելու: Ան ուտելիքները ծակերու մէջ կը պահէ,

սակայն կը մոռնայ անոնց տեղերը:

Շէկ գոյն ունեցող հասարակ սկիւռը կրնայ 4-5 մեթր ոստումներ ընել մէկ ճիւղէն ուրիշ ճիւղի

մը վրայ ցատկելու համար: Սակայն թռչող սկիւռները կրնան սաւառնիլ մինչեւ 100 մեթր:

 

աղբիւր՝ ԿԿՈՒ- Գանձասար (Հալէպ)

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...