Ի՞նչ Դեր Ունի Բնութիւնը Մարդու Կեանքի Մէջ

Մենք կ’ապրինք շնչելով թթուածին, զոր մեզի համար կ’ապահովեն կանաչ բոյսերը: Անոնք

շրջակայ միջավայրէն կը կլանեն ածխաթթու կազ եւ օդ ու կ’արտանետեն թթուածին:  Մարդու

գոյութիւնը երկրի վրայ անկարելի է առանց բնութեան, ծառերու ու տարբեր բոյսերու:

Բնութիւնը կ’ապահովէ Երկիր մոլորակի բնակչութեան անհրաժեշտ բոլոր տարրերը: Մարդիկ

հող մշակելով կը ստանան սնունդ, խոտով կը կերակրեն անասունները, որոնցմէ կը ստանան

կաթ, կաթնամթերք ու մսամթերք, տարբեր բոյսերէ օգտակար թուրմեր ու դեղեր կը պատրաստեն,

կ’օգտագործեն թուղթը, զոր կը ստանան փայտէն:

Բնութեան բարիքները ինչպէս երկրի մակերեւոյթի վրայ են, այնպէս ալ ընդերքի մէջ՝ գետնի տակ:

Բազմաթիւ հանքավայրեր շահագործելով մարդիկ կը ստանան օգտակար հանածոներ ու կեանքի

գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն անհրաժեշտ վառելիք:

Բնութիւնը մարդկութեան տուած է ապրելու ու գործելու անսահման հնարաւորութիւններ, բայց

մարդիկ կը մոռնան, որ պէտք է պահպանել բնութիւնը, որպէսզի ան յետագային ալ կարենայ ծառայել

մարդոց:

Պէտք է մաքուր պահել բնութիւնը՝ կանաչ տարածքներն ու ջուրերը, պէտք չէ կտրել ծառերը:

Բնութիւնը մարդու կենսական ուժանիւթի անփոխարինելի աղբիւրն է:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...