Հայոց Պատմութեան մէջ, 1860ական թուականներուն, Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան շրջանին, անտանելի էր գաւառի հայութեան կեանքը: Միշտ գողութիւններ, առեւագումներ եւ սպաննութիւններ կ’ըլլային: Ոչ միայն կառավարութիւնը կը կողոպտէր, այլ նաեւ թուրք փաշաները, քիւրտ բեկերն ու սպաները: Այս վիճակէն դուրս գալու համար հայ ազգային գործիչներ բարեկարգումներ պահանջեցին Սուլթանէն, ինչպէս նաեւ եւրոպական պետութիւններէն: Այդ բարեկարգումներու ծրագիրը անցաւ զանազան հանգրուաններէ. Ազգային Սահմանադրութիւն, Սան Սթեֆանոյի դաշանագիր, Պեռլինի վեհաժողով: Հայկական Հարցը Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրումն ու սեփական պետականութիւն մը ունենալու հարցն էր:
Հայկական Հարցը այսօր, ծանօթ է Հայ Դատ անուան տակ: Աշխարհի տարածքին, հայեր ամէն տեղ կ’աշխատին ծանօթացնել Հայ Դատը օտարներուն: Հայ Դատի նպատակն է Թուրքիոյ ճանաչումն ու վնասներու հատուցումը՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան, Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրումը, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ջաւախքի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան:
աղբիւր՝ Մանկապատանեկան Հորիզոն