«Եկեղեցի« բառը յունարէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ հաւաքատեղի, ժողովարան, այսինքն՝ վայր, որ կը համախմբէ քրիստոնեաները։
Գիտէք չէ՞, որ հայերը աշխարհի մէջ առաջինն են, որ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը ընդունեցին որպէս պետական կրօն։
Աղօթելը վահան է, որ մեզ կը փրկէ չարէն, անոր համար շատ անհրաժեշտ է ամէն օր աղօթել ու փառք տալ Աստուծոյ։ Աղօթքի աւարտին կ’ըսենք «Ամէն», այսինքն՝ ճշմարիտ է, կը հաւատանք։
Սովորոյթ դարձած է աղօթելու ընթացքին խաչակնքել՝ միացնելով մեր աջ ձեռքի բթամատը, ցուցամատն ու միջնեմատը, բայց անհրաժեշտ է իմանալ, որ Աստուածաշունչի մէջ խաչակնքելու մասին որեւէ նշում չկայ, այսինքն ՝ կարեւորը անկեղծօրէն ու հաւատալով աղօթելն է։
Տէրունական Աղօթք
Հայր մեր որ յերկինս ես,
սուրբ եղիցի անուն Քո։
Եկէսցէ արքայութիւն Քո։
Եղիցին կամք Քո
որպէս յերկինս եւ յերկրի։
Զհաց մեր հանապազորդ
տուր մեզ այսօր։
Եւ թող մեզ զպարտիս մեր,
որպէս եւ մեք թողումք
մերոց պարտապանաց։
Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն
այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէն։
Զի քո է արքայութիւն
եւ զօրութիւն եւ փառք
յաւիտեանս.
Ամէն