Իմաստունի Խորհուրդը

Կին մը կ՛այցելէ իմաստունին ու կ՛ըսէ. -Տղաս շատ  շաքար կ՛ուտէ, կը խնդրեմ ըսէ’ք, որ չի կարելի ուտել,

քանի որ ան Ձեզ շատ կը յարգէ ու կը լսէ:

Իմաստունը կը նայի երեխային ու կը պատասխանէ.

-Կը խնդրեմ երեխան քովս ձգեցէք  ու վերադարձէք 3 շաբաթ ետք:

Կնոջ համար տարօրինակ էր այս արտայայտութիւնը:

Այսինքն` երեխային այդ պարզ բառերը ըսելու համար 3 շաբաթ սպասելը:

Բայց կինը կը հեռանայ ու  3 շաբաթէն կը վերադառնայ:

Իմաստունը կը խնդրէ, որ եւս 3 շաբաթ ժամանակ տայ իրեն:

Կինը կրկին կը հեռանայ ու  կը վերադառնայ 3 շաբաթէն:

Այս անգամ արդէն իմաստունը տղուն կ՛ըսէ. -Որդիս, ուշադիր լսէ ինծի, շաքար չուտես, որովհետեւ անիկա վնասակար է առողջութեան:

Երեխան կը լսէ այս խօսքերն ու կ՛ըսէ. -Ուսուցիչ, եթէ Դուք  կ՛ըսէք, ուրեմն ալ չեմ ուտեր:

Մայրը երեխան դուրս կը հանէ եւ կրկին կը վերադառնայ ուսուցիչին մօտ` հարցնելով.

-Բայց ինչո՞ւ այս պարզ բառերը ըսելու համար պահանջուեցաւ 6 շաբաթ:

-Հարցը այն է,-կը պատասխանէ իմաստունը,-որ ես նոյնպէս  քաղցր շատ կը սիրէի:

Որպէսզի Ձեր որդիին շաքար չուտելու խորհուրդ տայի, պէտք էր ես ալ հրաժարէի շաքարէն:

Սկիզբը որոշեցի, որ 3 շաբաթը բաւարար է, սակայն սխալեցայ,  3 շաբաթ ալ  պէտք եղաւ:

Մեզի միշտ ալ պէտք է արտաքին դրդապատճառ մը, որպէսզի յաղթահարենք մեր թուլութիւնը,

իսկ իմաստունը խորհուրդ կու տայ օրինակ ծառայելով:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...