Ինչո՞ւ Կաթոլիկները Սուրբ Ծնունդը Կը Նշեն Դեկտեմբեր 25-ին Իսկ Մենք Յունուար 6-ին

Յունուար 6-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ մեր Փրկիչ Տէր` Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, որ  Յիսուսի  ծննդեան եւ մկրտութեան յիշատակումն է: Մարդիկ իրար կ’ողջունեն հետեւեալ խօսքերով.

– «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս»`  ի պատասխան լսելով.  – «Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի»:

Ի տարբերութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, Կաթոլիկ եկեղեցին Քրիստոսի ծնունդը կը նշէ Դեկտեմբեր 25-ին: Սակայն քրիստոնէութեան առաջին 300 տարիներուն աւանդոյթները այլ էին:

Մինչեւ 4-րդ դարը բոլոր քրիստոնեաները Սուրբ Ծնունդը նշած են Յունուար 6-ին: Սակայն քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք հռոմէացիները շարունակած են նշել հեթանոսական տօները: Դեկտեմբեր 25-ին մեծ շուքով նշուած է արեւի պաշտամունքին նուիրուած տօնը: Հեթանոսական աւանդոյթները խափանելու համար 336թ. Հռոմի եկեղեցին Դեկտեմբեր 25-ը պաշտօնապէս հռչակեց Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան օր:

Հին հռոմէացի եպիսկոպոսներու ցուցակին մէջ, որ կը թուագրուի մօտ մ.թ. 336-354թթ, կարելի է հանդիպիլ հետեւեալ խօսքերուն. «25 Dec.: natus Christus in Betleem Judeae», այսինքն` «Քրիստոս ծնած է Բեթղեհէմի մէջ` Դեկտեմբեր 25-ին»: 336թ-ի Դեկտեմբեր 25-ը Սուրբ Ծննդեան առաջին արձանագրուած տօնակատարութիւնն է:

Յետագային Ասորիքի եւ գրեթէ ողջ արեւելքի մէջ Քրիստոսի Ծննդեան տօնի օրը փոխադրուեցաւ Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Յունուար 6-ը մնաց իբրեւ Տիրոջ Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան օր:

Եկեղեցւոյ գոյութեան առաջին տարիներուն այնքան ալ կարեւորութիւն չէին տար ծննդեան տարեդարձերուն, նոյնիսկ Քրիստոսի ծնունդի օրուան: Սովորաբար Յիսուսի մկրտութեան առաւել մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր, քան ծնունդին:

Հնագոյն աւանդոյթի եւ աւետարանական հաշուարկներուն հաւատարիմ մնացած է միայն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին` Յունուար 6-ին միասնաբար նշելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։

Աստուածայայտնութեան տօները:

Աստուած մարդացաւ եւ յայտնուեցաւ մարդոց: Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ Հայր Աստուած կը վկայէ. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որ ունի իմ ամբողջ բարեհաճութիւնս» (Մատթ. 3:17, Մարկ. 1:11, Ղուկ. 3:22) եւ Սուրբ հոգին աղաւնակերպ կ’իջնէ Քրիստոսի վրայ: Տեղի կ’ունենայ երկրորդ Աստուածայայտնութիւնը:

Այսպիսով, Քրիստոսի ծննդեան եւ մկրտութեան միջոցով հաստատուած երկու Աստուածայայտնութիւնները եկեղեցւոյ մէջ կը տօնեն միասին` Յունուար 6-ին «Յայտնութիւն» կամ «Աստուածայայտնութիւն» ընդհանուր անուամբ:

Յունուար 6-ի առաւօտեան, կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որմէ ետք` կը կատարուի Ջրօրհնէք` Յիսուսի մկրտութիւնը: Յիսուս ջուրը օրհնեց իր մկրտութեամբ: Պատարագիչը Սուրբ Միւռոն կը կաթեցնէ ջուրի մէջ եւ կ’օրհնէ  զայն: Աւանդոյթի համաձայն, ժողովուրդը այդ ջուրէն տուն կը տանի, որպէս բուժիչ դեղ հիւանդներու համար:

Ապա քահանան կ’այցելէ հաւատացեալներու տուները` աւետելու Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Այստեղէն ալ յառաջացած է Տնօրհնէքի սովորոյթը:

Քրիստոսի ծննդեան օրը Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի նաեւ քրիստոնէական ամենայայտնի սրբավայրերէն մէկուն` Բեթղեհէմի (Բեթլեհեմի) եկեղեցւոյ մէջ:

Բեթղեհէմի եկեղեցին ընդհանուր սրբավայր է բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու` կաթոլիկներու, ուղղափառներու, առաքելականներու եւ բողոքականներու համար: Ըստ աւանդոյթի` ան կառուցուած է այն վայրի մէջ, ուր ծնած է Յիսուս Քրիստոսը: Նոյն եկեղեցին կառուցուած է 1500 տարի առաջ, 200 տարի աւելի վաղ շրջանին կառուցուած է  այլ շինութեան վրայ: Հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կը ժամանեն Բեթղեհէմ` Սուրբ Ծնունդը Յիսուս Քրիստոսի ծննդավայրի մէջ անցնելու համար: Սուրբ Ծնունդի երեկոյեան արարողութիւնները Յորդանան գետի արեւմտեան ափին մէջ գտնուող այս քաղաքին մէջ իրենց գագաթնակէտին կը հասնին կէսգիշերին:

 

աղբիւր՝ iravaban.net

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...