Հայկական առասպելաբանութեան մէջ նուռը պտղաբերութիւն եւ յաջողութիւն կը խորհրդանշէ։
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հարսանիքներու ժամանակ հարսը կուժի փոխարէն նուռը կը զարնէր գետին եւ կտորներու կը բաժանէր։
Նուռի ցրուած հատիկները կ’երաշխաւորէին, որ հարսը անպայման երեխաներ պիտի ունենայ։
Վանի մէջ այն հայ կանայք, որոնք կ՛ուզէին տղայ ունենալ, նուռի հատիկներով խառնուած խմորով լոշիկ կ՛ուտէին։
Այս պտուղի կարեւորութիւնը կը հաստատուի նաեւ հայկական պատմական ձեռագրերու եւ փորագրութիւններու մէջ, ուր նուռը իբրեւ զարդանախշ կ’օգտագործուէր։ Ամենանշանաւոր հայկական գեղարուեստական ֆիլմերէն է Սերգէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ֆիլմը։
Այսպէս նուռը վերածուած է ազգային խորհրդանիշի: