Ինչպէ՞ս Գտնել Երջանկութիւնը

Ուսուցիչը դպրոց բերաւ փուչիկներ եւ յանձնարարեց աշակերտներուն փչել փուչիկներն ու իւրաքանչիւրը իր անունը գրէ փչած փուչիկին վրայ:

Յետոյ ան խնդրեց երեխաներուն փուչիկները միջանցք տանիլ ու արձակել:

Ուսուցիչը խառնեց փուչիկներն ու 5 վայրկեան ժամանակ տուաւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը գտնէ իր անունով փուչիկը:

Աշակերտները վազվզեցին գտնելու իրենց փուչիկները, սակայն 5 վայրկեանուան ընթացքին չկրցան:

Այն ատեն  ուսուցիչը յանձնարարեց իւրաքանչիւրին` վերցնել իրեն պատահած առաջին փուչիկը եւ յանձնել անոր,

որուն անունը որ գրուած է վրան: Չէր անցած 2 վայրկեան, երբ իւրաքանչիւրի ձեռքին յայտնուեցաւ իր անունով փուչիկը:

Ուսուցիչը ըսաւ աշակերտներուն.
– Պատկերացուցէք, որ փուչիկը երջանկութիւնն է, որ դուք  կը փնտռէք եւ քիչ հնարաւոր է զայն գտնել,

քանի դեռ կը փնտռէք միայն ձե՛զի համար, իսկ երբ իրարու նկատմամբ հոգ տանիք, շատ աւելի արագ կը գտնէք…

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...