Ինչպէ՞ս Երեխաներուն Սովորեցնել Սիրել Բնութիւնը

Երեխաները կը կրթուին եւ  կը  դաստիարակուին նաեւ բնութեան հետ շփուելով: Բնութեան հետ շփումը երեխայի համար կարեւոր է ոչ միայն յետագային լաւ քաղաքացի ձեւաւորելու առումով, այլ նախ եւ առաջ երեխայի զգացողութիւնները, զգայարանները զարգացնելու տեսակէտէն:

Կենդանիներու հետ շփումը, ծառը ջրելը, կամ ալ պարզապէս կանաչ խոտի վրայ զատիկի կամ թրթուռի շարժին հետեւիլը երեխայի մէջ նոր զգացողութիւններ կ’արթննցնէ, կը լեցնէ անոր ներաշխարհը նոր գոյներով եւ երանգներով, նաեւ կը ձեւաւորուի եւ կը մեծնայ անոր մտահորիզոնը:

Մարդասիրական յատկանիշները նախ եւ առաջ կը յառաջանան բնութեան հետ շփումով, այդ պատճառով շրջակայ միջավայրի հանդէպ սրտացաւ վերաբերումը պէտք է սերմանել երեխայի մէջ ճիշտ այնպէս, ինչպէս կը սորվեցնենք անոր կարդալ եւ գրել:

Եթէ երեխան փոքրիկ որդ մը կը տրորէ, անիկա դեռ չի նշանակեր, թէ ան սառնարիւն եւ դաժան է: Պէտք է հասկնալ արարքի պատճառները, տուեալ պարագային անոնք կրնան երկուքը ըլլալ` երեխան չի գիտակցիր, թէ իր արարքը ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ կենդանիի համար, երկրոդ պատճառը կրնայ հետաքրքրասիրութիւնը ըլլալ: Նման արարքներ պէտք է ամենայն մանրամասնութեամբ բացատրել, թէ ինչ ըրած է ինքը եւ հասկցնել, որ այդպէս ընելով ինքը բնութեան եւ կենդանական աշխարհի համեմատութեամբ աւելի ուժեղ է, հետեւաբար` պէտք է ոչ թէ ոչնչացնէ, այլ պահպանէ զայն: Կարելի է նաեւ ըսել, որ կենդանին ալ կը շարժի, կը շնչէ, կ’ուտէ, ունի փոքրիկ ձագուկներ, եւ այլն:

Երեխաները մեծ մասամբ լաւ չեն պատկերացներ, թէ ինչու կարելի չէ ընել այս կամ այն արարքը, երեխայի հետ հնարաւորինս շատ եղէք բնութեան գիրկը, անիկա օգտակար է անոր ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար: Ան բնութեան մէջ կը սորվի հասկնալ անոր դերն ու նշանակութիւնը, ուժն ու անսահման գեղեցկութիւնը, նաեւ իր դերը, որ ինք պիտի  պահէ ու փրկէ այս ծառն ու այս ծիտիկը:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...