Ընկեր ունենալը շատ կարեւոր է, իսկ եթէ կ’ուզես լաւ ընկերներ ունենալ հետեւիր հետեւեալ խորհուրդներուն.
- Կոպիտ մի խօսիր դասընկերներուդ հետ։
- Մի ծաղրեր զիրենք։
- Մի՛ փորձեր մէկուն զարնելով կամ հրելով քեզի համար լաւ տեղ ապահովել։
- Մի՛ մոռնար բարեւել բոլոր դասընկերներուդ՝ նոյնիսկ անոնց, որոնք դեռ փոքր են։ Ընկերանալ կարելի է եւ պէտք է նոյնիսկ եւ՛ փոքրերու, եւ՛ մեծերու, եւ՛ տղաներու, եւ՛ աղջիկներու հետ։
- Եթէ ընկերոջմէդ որեւէ պատճառով վիրաւորուած ես, փորձէ շուտ մոռնալ ու ներել զինք։ Չարութեամբ մի լեցուիր։ Ներելն ու սիրելը շատ կարեւոր է նոյնիսկ առողջութեանդ համար։
- Եթէ ընկերդ քեզմէ որեւէ խաղալիք, գիրք կամ բան խնդրէ, մի՛ մերժեր։ Ագահութիւն մի՛ ըներ։
- Եթէ դուն ընկերոջմէդ որեւէ խաղալիք կամ գիրք վերցուցած ես, այդ իրերը խնամքով գործածէ եւ մի մոռնար զանոնք ժամանակին վերադարձնել։
- Եթէ ընկերդ սխալներ գործէ անոր սորվեցուր, որ ճիշտ ուղին ընտրէ։
- Երբ ընկերդ օգնութեանդ կարիքը ունի եղի’ր անոր կողքին։
Պատահական չէ, որ շատ խօսքեր ըսուած են ընկերութեան մասին.
- Ընկերները պահելու լաւագոյն միջոցը զիրենք չդաւաճանելն է։
- Լաւ Ընկեր եղիր` ընկեր կը գտնես։
- Առանց ընկերութեան կեանքը ոչինչ է։
- Իսկական ընկերը բարիքներու մեծագոյնն է։
