Ինչպէ՞ս Թիթեռնիկները Թեւեր Ունեցան (Ձայնով)

Լսելու համար սեղմեցէք այստեղ

Շատ տարիներ առաջ, երբ կարելի էր երկինք հասնիլ ամենաբարձր ծառի կատարին կենալով, երկրի վրայ ծիածան չկար, Իսկ թիթեռնիկներն ալ թեւեր չունէին: Անոնք նեկտար գտնելու համար սողալո’վ կը հասնէին ծաղիկէ ծաղիկ:

Այդ ժամանակ կ’ապրէր չար կախարդ մը, որ կ’ ուզէր հաւաքել ու իր ամրոցին մէջ պահել ամենաարժէքաւոր ու գեղեցիկ իրերը: Ան արդէն ոսկիի եւ թանկաժէք քարերու սարեր ունէր:

Սակայն անոնք իրեն համար քիչ էին: Կախարդը հաւաքեց ու իր ամրոցի սնտուկներէն մէկուն մէջ պահեց երկրի բոլոր անձրեւաբեր ամպերն ու գոյները:

Երկիրը դարձաւ սեւ ու ճերմակ: Ծաղիկները շատ տխրեցան: Անոնք բոլորը իրարու նմանեցան եւ անձրեւ չըլլալու պատճառով, սկսան թօշնիլ:
-Օգնեցէ՜ք,- խնդրեցին ծաղիկները թռչուններուն:- Դուք կրնաք թռչիլ բարձր-բարձր ու հասնիլ կախարդի դղեակին: Վերադարձուցէք անձրեւն ու գոյները:
-Մենք ժամանակ չունինք,- ծուծուացին թռչունները:- Մենք բոյն կը հիւսենք եւ նոյնիսկ ուրախ ենք, որ անձրեւ չի գար:

-Օգնեցէ՜ք,- խնդրեցին ծաղիկները եղջերուներուն:- Դուք կրնաք արագ վազել ու հասնիլ կախարդի դղեակին: Վերադարձուցէք անձրեւն ու գոյները:
-Մենք շատ զբաղած ենք,- պատասխանեցին եղջերուները:- Մենք խոտ կ’ուտենք քանի դեռ  ան ալ չէ չորցած: Իսկ թէ խոտը ինչ գոյն ունի, մեզի համար կարեւոր չէ:

Ոեւէ մէկը  չուզեց օգնել ծաղիկներուն: Եւ յանկարծ մէկուն բարակ ձայնը լսուեցաւ.
-Մենք ձեզի կ’օգնենք ու երկրին կը վերադարձնենք գոյներն ու անձրեւը:- Պարզուեցաւ, որ անիկա ձայնն էր թիթեռնիկներէն մէկուն, որ այդ պահուն կը սողար այնտեղ:
-Բայց դուք այնքան փոքրիկ էք,- ըսին ծաղիկները:- Ին՞չ կրնաք ընել:
-Մենք կը փորձենք,- պատասխանեցին թիթեռնիկներն ու ճամբայ ելան:

Ճանապարհը երկար ու դժուար էր: Բայց ահա վերջապէս թիթեռնիկները սողալով հասան բարձր լերան, որ երկինք կը հասնէր: Իսկ լերան կատարին ալ կը գտնուէր չար կախարդի դղեակը: Քաջ թիթեռնիկները սողալով հասան ամրոցին ու ներս մտան: Անոնք շատ գանձեր  գտան, բայց չգտան այն, ինչ կը փնտռէին:

Յետոյ թիթեռնիկները տեսան մեծ կղպանքով փակուած հսկայ սնտուկ մը: Սնտուկի կողքին քնացած էր կախարդը, իսկ կղպանքի բանալին  ան պահած  էր իր բերնին մէջ:
Թիթեռնիկները իրենց պեխերով շոյեցին կախարդի քիթը: Ան քունի մէջ փռշտաց ու բանալին դուրս թռաւ բերնէն:

Թիթեռնիկները վերցուցին բանալին ու սնտուկը բացին, եւ այնտեղէն թռան անձրեւաբեր ամպերը, որոնք գոյներու հետ երկար մնալէն գունաւոր դարձած էին:
Գոյնզգոյն ամպերը օդ բարձրացան ու զգոյշ հեռացան դղեակէն: Իսկ թիթեռնիկները վերադարձի ճամբան բռնեցին: Այս բոլորը այնքան լուռ կատարուեցաւ, որ կախարդը նոյնիսկ չարթնցաւ:

Երբ դեռ թիթեռնիկները կը սողային դէպի իրենց ծաղկազարդ մարգագետինը, ազատած անձրեւաբեր ամպերէն ամբողջ աշխարհի վրայ անձրեւ կու գար արդէն: Ամպերուն խառնուած գոյները թափեցան երկրի վրայ եւ յայտնուեցաւ առաջին ծիածանը:

Անձրեւը կենդանացուց չորցած ծառերն ու խոտերը եւ անոնց վերադարձուց գոյները: Ծաղիկները շատ ուրախ էին. անոնք դարձած էին վառ ու գոյնզգոյն:
Իբրեւ շնորհակալութիւն, իւրաքանչիւր ծաղիկ թիթեռնիկներուն տուաւ իր ծաղկաթերթերէն մէկը: Ծաղկաթերթերը դարձան թեւեր: Հիմա թիթեռնիկները կրնային թռչիլ ծաղիկէ ծաղիկ ու սնունդ ստանալ ծաղիկներու համեղ նեկտարէն:

 


Այդ ժամանակէն ի վեր, անձրեւէն ետք, երկնքի մէջ կը յայտնուի ծիածանը, իսկ երկրի վրայ ուրախ կը թռչկոտին գոյնզգոյն թիթեռնիկներ:

 

poqrik.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...