Ինչպէ՞ս Լաւաշը Դարձաւ Հայոց Հացերու Արքան

Լաւաշը հայկական աւանդական հաց է: Հայաստանի մէջ լաւաշ հացը յայտնի էր աւելի քան երեք հազար տարի առաջԿ’եփուի տաք հողի մէջ թաղուած յատուկ կաւէ գլանաձեւ փոսի մը մէջոր կը կոչուի թոնիրԳետնափոր կաւէ թոնիրը հայկական խոհանոցի առաջին գործիքներէն էԼաւաշը աշխարհի ամենաերկար ժամանակի պահուող հաց է, զայն կարելի է պահել աւելի քան մէկ տարի, իսկ երբ թրջենք զայն ջուրովդարձեալ կը կակուղնայ:

Հայերը լաւաշը հարս ու փեսային ուսին դնելով՝ առատութիւն ու օրհնութիւն կը մաղթէին: 

Լաւաշը հայկական աւանդական հաց է, զայն առաջին անգամ թխած են հայ մայրերը, իսկ լաւաշի մէջ մեծ ուժ ու զօրութիւն կայ։

Աւանդութեան համաձայն Հին Հայաստանի մէջ Արամ անունով արքայ մը եղած է, ան կռիւի ժամանակ գերի ինկած է ասորիներու թագաւոր Նոսորի ձեռքը։ Պայման կը դրուի, եթէ Արամ 10 օր անօթի մնալէն ետք 11-րդ օրը նետաձգութեամբ մրցի Նոսորի հետ եւ յաղթէ, այդ պարագային ազատ կ’արձակուի եւ տուն կը վերադառնայ արքայավայել ընծաներով։

Յաջորդ օրը Արամ Արքան պահանջած է, որ ասորաց սահմանին մօտ կանգնած հայկական բանակին քովէն բերեն իր կրծքազրահը։ Երբ զրահը կը բերեն, հայերը կը հասկնան, որ իրենց արքան բան մը կ’ուզէ հասկցնել անոնց, իսկ ասորիներն ալ չէին գիտեր, որ կրծքազրահին մէջ նրբաթերթ լաւաշ դրուած է։

Այն ժամանակ ոեւէ մէկը լաւաշին ծանօթ չէր, իսկ լուր տանողը մտքէն չէր անցուցած, որ հայերը կրնան կրծքազրահի մէջ հաց պահել։ Արամը իր զրահը կը ստանայ, բայց կ’ըսէ, որ անիկա իր ամենագեղեցիկ զրահը չէ, պահանջած է ուրիշ մը եւ այսպէս ասորի բանբերը (լուր տանողը) ինը օր շարունակ կ’երթայ, կու գայ առանց գիտնալու որ իրենց բերած լանջազրահներով ամէն օր հայկական հաց կը հասցնեն Արամ արքային։

Արդիւնքը եղած է այն, որ Արամ արքան մարտին յաղթած ու վերադարձած է Հայաստան։ Ան հրովարտակ (թագաւորի գրուած հրամանը ժողովուրդին) արձակած է, որ անկէ ետք Հայաստանի մէջ հաստ ու բազմաձեւ հացերու փոխարէն լաւաշ թխեն։ Այդ ժամանակներէն ի վեր լաւաշը դարձած է հայոց հացերու արքան։

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...