Ինչպէ՞ս Ճիշտ Լուսանկարել

Երբ կը լուսանկարենք կանոններու օգնութեամբ, նոյնիսկ ամենաանփորձ մարդը կրնայ ստանալ հրաշալի նկար:

Նախ պէտք է գիտնանք, որ պատկերը կը բաժնուի 3 հաւասար մասերու՝ ինչպէս հորիզոնական, այնպէս ալ ուղղահայեաց, ձեւաւորելով ցանց:

Ահա  պարզ կանոններ օգտագործելու մի քանի խորհուրդ, որոնք կ’օգնեն ձեզ սորվիլ լաւ լուսանկարել:

1. Դիմանկարներ

Դիմանկարները լաւ կը նկարուին, երբ մարդու աչքերը կը համընկնին գիծերու հատման կէտի հետ:

1_converted

Եթէ դիմանկարի մէջ մէկ մարդէ աւելի են, փորձեցէք գտնել այնպիսի դիրք, որ անոնց աչքերը գտնուին քովի հատման կէտերուն մէջ:

2. Բնապատկերներ

Բնապատկերի լաւ լուսանկար ստանալու համար, փորձեցէք հորիզոնի գիծը յարմարցնել այնպէս,

որ ան համընկնի ցանցի հորիզոնական 2 գիծերէն որեւէ մէկու կեդրոնի հետ (շատ աւելի լաւ կ’ըլլայ,

եթէ ան համընկնի վերի հորիզոնական գիծի հետ, եթէ երկրի պատկերը աւելի հետաքրքրական է, քան երկնքինը):

2_converted

3 Ճարտարապետական կառոյցներ

Ճարտարապետական կառոյցներ նկարելու ժամանակ, շատ յաճախ դժուարութիւններ կը յառաջանան:

Բայց այստեղ նոյնպէս օգտակար կ’ըլլայ օգտագործել ցանցը եւ գիծերու հատման կէտերը՝ լուսանկարի վրայ ամենահետաքրքրական կէտը ընդգծելու համար։

3_converted

4. Շարժում

Զգոյշ եղէք, եթէ կ’ուզէք փոխանցել շարժման զգացում: Չէ՞ որ ոչ ճիշտ լուսանկարուած նկարը կրնայ փչացնել ամբողջ մտայղացումը:

Աշխատեցէք կեդրոնանալ լուսանկարի մէկ կողմի վրայ եւ հակառակ կողմի վրայ տեղ ձգել անոր երեւակայական տեղաշարժին համար:

4_converted

աղբիւր՝ mediamag.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...