Ինչպէ՞ս մեծցնել երջանիկ երեխաներ

Մայրութիւնը ` ձեր երեխային հետ վերաբերմունքն է եւ անոր անհատականութիւնը սերտօրէն

ճանչնալը: Մայրութիւնը կերակուր պատրաստել եւ տուն դասաւորել չէ: Դուք պէտք է ձեր

երեխաներուն ուսուցանէք հիմնական ընկերային արժէքներ, որպէսզի անոնք կարենան աշխարհ

մտնել զօրաւոր, ընկերային եւ բարի անձնաւորութիւններով:

Խորհուրդներ.

Երեխաները յաճախ կը տառապին անհանգստացնող մղձաւանջներէ: Եւ ատկէ խուսափելու լաւագոյն

միջոցներէն մէկը երեխաներուն ստիպելն է մտածել այնպիսի հաճելի բաներու մասին, ինչպիսիք են

իրենց սիրած պաղպաղակը ուտելը կամ իրենց սիրած խաղալիքներուն հետ խաղալը: Առաջարկեցէք հաճելի

բան մը, որ անոնց երջանկութիւն կը բերէ, եւ մի վախցնէք ձեր երեխաները չարի ու պատիժի

խորհրդանիշներով, եւ միայն այդ ժամանակ անոնք ամբողջ գիշեր հանգիստ կը քնանան:

Երեխաները կ՛ատեն տնային աշխատանք կատարելը, երբ վերադառնան տուն: Տնային

առաջադրանքները խրախուսելու լաւագոյն միջոցը ճաշէն անմիջապէս յետոյ անոնց հետ նստիլն է

եւ օգնել անոնց կատարել աշխատանքը: Անկէ ետք միայն անոնց թոյլ տուէք խաղալ:

Հասկցէք անոնց զգացումները. երեխաները երբեմն կ՛ունենան դժուար ժամանակներ եւ չեն գիտեր,

թէ ինչպէս կրնան արտայայտել զայն: Դուք պէտք է խրախուսէք անոնց խօսիլը՝ գեղեցիկ նիստ մը կազմակերպելով, օրինակ ` բաժակ մը թէյ կամ հիւթ խմել եւ խօսիլ ընդհանուր հարցերու շուրջ:

Խնդրեցէք օգնութիւն. Բոլոր մայրերը ժամանակ առ ժամանակ օգնութեան կարիքը ունին: Ձեր

երեխայէն օգնութիւն խնդրեցէք ուտելիք պատրաստելու, հագուստներ դասաւորելու եւ խաղեր

տեսակաւորելու հարցով: Գովաբանեցէք անոր լաւ պահուածքը, եւ այդ ժամանակ ան կը զգայ անոր կարեւորութիւնը: Միասին ընտանեկան ընթրիքը. ընտանիքի համար ժամանակ յատկացուցէք ուտելու,

հեռատեսիլ դիտելու, դուրսը խաղալու, երաժշտութիւն լսելու համար: Որքան աւելի շատ զուարճալի գործողութիւններ ունենաք երեխաներուն հետ, այնքան աւելի շատ դուք կը գիտնաք ձեր երեխաներու անհատականութեան բանալիները:

Մի՛ քննադատեցէք ձեր երեխան, նաեւ մի՛ համեմատէք ուրիշի հետ:

Երեխադ ինքնուրոյն մարդ մեծցուր, իրեն փոխարէն ամէն բան մի ըներ:

Ընկերութեան արժէքը, երեխաները պէտք է հասկնան ընկերներու կարեւորութիւնը: Մի սորվեցնէք ձեր

երեխային եսասիրութիւն ու գերակայութիւն, քանի որ ան այդպիսով կը կորսնցնէ իր ընկերները, եւ

ընկերային միջավայրը կը դառնայ նեղ եւ կ’ազդէ անոր հոգեկանին վրայ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...