Ինչպէ՞ս Սկսիլ Օրը Առանց Կամակորութիւններու

Յաճախ երեխաները առաւօտեան կամակորութիւններ կ’ընեն, չեն ուզեր անկողինէն ելել եւ մանկապարտէզ կամ դպրոց երթալ: Իսկ մայրերը ստիպուած կը բարկանան: Ինչպէ՞ս խուսափիլ այս ամէնէն եւ օրը սկսիլ բարձր տրամադրութեամբ ու առանց կամակորութիւններու:

Միշտ յիշեցէք, որ նոր օրը կը սկսի այն պահէն, երբ երեխան կը քնանայ: Ուրեմն քնանալէն առաջ զինք պէտք է տրամադրել յաջորդ օրուան: Խօսեցէք երեխային հետ, ըսէք, օրինակ, որ վաղը շատ լաւ օր պիտի ըլլայ, եւ եթէ ինք առտուն լսէ մայրիկին, առանց կամակորութիւններու արթննայ ու դպրոց կամ մանկապարտէզ երթայ, փոքրիկ անակնկալ պիտի ունենայ: Օրինակ, երեխային համար հաճելի զբօսանքը, կամ իր սիրած ուտելիքը արդէն հաճելի անակնկալ է: Միայն թէ այս պայմանը երբեք պէտք չէ խախտել, խոստացեր էք, ուրեմն անպայման պէտք է կատարէք ձեր խոստումը:

Առաւօտեան երեխան կտրուկ մի արթնցնէք: Նախ համբուրեցէք զինք եւ շշնջացէք ականջին, որ արդէն պէտք է արթննալ: Շոյեցէք դէմքը մինչեւ արթննայ: Այդպէս երեխան ինքնաբերաբար ժպիտով կ’արթննայ: Յետոյ սկսեցէք խօսիլ: Հարցուցէք, թէ ինչ երազ տեսած է այսօր, եւ միասին փորձեցէք մեկնաբանել: Բայց յիշեցէք, որ երեխաներուն տեսած երազները միշտ բարի իմաստ կ’ունենան: Երեխայի սենեակին մէջ պէտք է դեղին գոյնի բան մը ըլլայ՝ բարձ, խաղալիք, վարագոյր: Ատիկա գոյներէն ամենադրականն է եւ միաժամանակ նաեւ արթնցնողը:

Որոշումները կայացուցէք միասին: Հագուստը թող երեխան ընտրէ, եթէ սխալ բան ընտրեց, բացատրեցէք, թէ ինչո՛ւ ուրիշ բան պէտք է ընտրէ: Երեխաները շատ կը սիրեն խորհուրդ տալ, անոնց կարծիքը հարցուցէք ձեր մազերուն, հագուստին ու կօշիկներուն մասին, այդպէս իրենք զիրենք կարեւոր կը զգան:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...