Ինչպէ՞ս Ստեղծուած է Կաղանդ Պապայի Կերպարը

Կերպարը ստեղծուած է հիմք ունենալով յոյն  Ս. Նիկողայոս Հայրապետը, որ ժամանակին կը շրջէր տունէ տուն եւ աղքատ  ընտանիքներու պատուհաններուն դրամ կամ նուէրներ կը դնէր: Այնտեղէն ալ ծագած է Սանտա Կլաուս անուանումը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ Ս. Նիկողայոս։

Հայ ժողովուրդի մէջ ընդունուած է Նոր տարին կոչել նաեւ Կաղանդ: Ան կը նշանակէ որեւէ տօն նշելու կոչ, հրաւէր: Յետագային կաղանդը Հայաստանի մէջ ստացած է տարեմուտի իմաստը: Քրիստոնէական առումով Նոր տարին հաշուետւութեան իւրօրինակ օր մըն է յուրաքանչյուր մարդու համար: Օր, երբ կ’ամփոփուին տարուան ընթացքին կատարուած գործերը:

Ս. Ծնունդը աշխարհի քրիստոնեաներու ամենակարեւոր եւ սիրուած տօներէն է: Իր թէ՜ նշանակութեամբ, էութեամբ, թէ՜ խորհուրդով Նոր տարին կը զիջի Ս. Ծնունդին: Ամանորը օրացուցային փոփոխման երեւոյթ է, եւ իր մէջ որեւէ խորհուրդ չունի: Իսկ Ս. Ծնունդը ամբողջութեամբ Խորին Խորհուրդ է` Աստուծոյ Որդիի Ծնունդը, որ մարդկութեան համար կը դառնայ նոր եւ անվերջանալի սկիզբ:

Ի զուր չէ, որ շուրջ 2000 տարի մարդկութիւնը իր տոմարական բոլոր հաշուարկները կը կապէ Քրիստոսի Ծնունդին` Քրիստոսի ծնունդէն առաջ եւ Քրիստոսի ծնունդէն հետք:  Հոգեւորականները խորհուրդ կու տան Ամանորը դիմաւորել եկեղեցւոյ մէջ, խորհիլ հոգեւոր վիճակի մասին եւ ստանալ Աստուծոյ օրհնութիւնը:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...