Ինչպէ՞ս վարուիլ դեռահաս աղջիկներու հետ

Ծնողքը միշտ կ՛անհանգստանայ, երբ իրենց զաւակները կը հասնին պատանեկութեան. Այդ

հարցը կը բարձրանայ  վարուելակերպի հետ կապուած խնդիրներու պատճառով, շատ  պարագաներու

դժուար է անոնց հետ գործ ունենալը, այդ ընթացքին կը զարգանայ երեխաներու անկախութեան

զգացումը, եւ անոնց հետաքրքրութիւնը ուրիշներու կարծիքներու  եւ ատոնց ընկալման նկատմամբ,

ուստի անհրաժեշտ է հետեւիլ որոշ հարցերու, որոնք կրնան օգնել յաղթահարելու այս փուլը

նուազագոյն խնդիրներով, յատկապէս աղջիկներու պարագային:

– Կարդացէք դեռահասներու մասին գիրքեր ` ծնողներուն առջեւ ծառացած խնդիրներու մասին

տեղեկանալու եւ անոնց պատրաստուելու համար: Աղջիկներու հետ խօսիլ  ֆիզիքական

փոփոխութիւններու մասին, յատկապէս տղոց եւ աղջիկներու արտաքին եւ ներքին փոփոխութիւններուն

եւ  ձեւին վերաբերող հարցերուն շուրջ, բայց առանց պատասխանի մէջ խորանալու, նաեւ կրնաք

օգտուիլ վստահելի մանկաբոյժի կամ հոգեբոյժի խորհուրդներէն:

-Ծանօթանալ դերահաս աղջկայ ընկերներուն :

-Յարգել աղջկայ գաղտնիութիւնը եւ վստահութիւն ներշնչել անոր, հակառակ պարագային կրնայ

ունենալ ծանր հետեւանքներ:

-Հետեւեցէք  անոնց դիտած հեռուստածրագիրներուն, կարդացէք գիրքերն ու ամսագիրները եւ անոնց

թերթած համացանցը:

-Փորձեցէք անոնց վարքին մէջ միշտ  դրականը տեսնել,  առանց կեդրոնանալու անոնց սխալներուն եւ

ոչ պատշաճ  պահուածքին վրայ:

– Պէտք է համբերութեամբ  եւ բարութեամբ վերաբերիք դեռահաս աղջիկներուն, ներելով անոնց սխալներն

ու կատարած մեղքերը, հաշուի առնելով, որ ատիկա պարզապէս կեանքի ժամանակաւոր  փուլ է:

– Քաջալերեցէք աղջիկներուն մարմնամարզութեամբ զբաղիլ, քանի որ ատիկա ինքնավստահութիւնն

ու ինքնագնահատականը կը բարձրացնէ:

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...