Ինչպէ՞ս վարուիլ ջղային երեխայի հետ

Երեխաները ջղային վիճակ կ՛ունենան՝

–Շարք մը հիւանդութիւններու պատճառով, օրինակ վահանաձեւ գեղձի խնդիրներու, մեզի մէջ

բորբոքումի եւ որդ ունենալու։

–Խօսելու դժուարութիւն ունենալու,

–Անկայունութենէն ` իր շուրջը կատարուածը չհասկնալու, պատասխաններ չգտնելու պատճառով

կը բարկանայ եւ ջղային դրսեւորումներ կ՛ունենայ։ Այս վերջին պարագային պէտք է բոլոր հարցերուն  պատասխանել, եւ զարգացնել երեխային հմտութիւններն ու ընկալման մեթոտը:

Երեխան ջղային վիճակէն հանելու միջոցներն են –

–Երեխային հետ պէտք է քնքուշ եւ յարգանքով վարուիլ, ջղային կերպով չխօսիլ եւ յատկապէս չծեծել,

այլապէս երեխան կրնայ  ատել ձեզ։ Ջղային վիճակի մէջ գտնուող երեխան ի վիճակի չէ մտածելու, եթէ քնքշութեամբ խօսիք անոր հետ, ան կը հանգստանայ եւ ձեր գիրկը կը նետուի։

–Պէտք է որոշ ժամանակ հանգիստ ձգել երեխան, յետոյ նոր քննարկել անոր պահուածքը:

–Երեխան ջղային վիճակի մէջ առանձին մի ձգէք, հաւանական է, որ ինքզինք վնասէ։

–Պէտք չէ արագ յանձնուիլ երեխայի պահանջներուն, ինչպէս օրինակ՝ դպրոց չերթալ, որոշ խաղեր խաղալ

կամ իր ուզածը առնել, երեխան կրնայ շահագործել ձեր բարիացակամութիւնը եւ միշտ ջղային վիճակը օգտագործելով հասնի իր պահանջներուն։

–Ձեր երեխային հետ օգտագործեցէք պատիժի այնպիսի եղանակ, ինչպիսին է `չխօսիլ հետը, կամ  արգիլել

անոր դիտել իր նախընտրած շարժապատկերը, եւ անպայման խօսեցէք ձեր երեխային հետ պատիժի

պատճառի մասին:

–Ծնողքը միշտ պէտք է օրինակ ըլլայ երեխային համար, քանի որ ան կը հսկէ ձեր վարքը եւ դասեր կը

քաղէ ատկէ:

–Փորձեցէք ձեր երեխային հետ խաղալ՝ այնպիսի խաղեր, որոնք կը զարգացնեն անոր միտքն ու

մտածողութիւնը եւ որոնք կը հանգստացնեն զինք:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...