Ինչպէ՞ս վերաբերիլ իշխող ընկերոջ հետ

Ընկերներու ընտրութիւնը շատ կարեւոր է։ Դեռահասութեան տարիքին, ճիշդ ընկերներ ընտրելը դժուար է, երբեմն երեխան կ՛իյնայ վատ ընկերական յարաբերութիւններու մէջ, որոնք կ՛ազդեն իր վրայ, եւ ամենադաժան ընկերութիւններէն են՝ վատ ազդեցութիւն ունեցող իշխող ընկերը:

Ինչպիսի՞ն  է  իշխող ընկերոջ  պահուածքը:  Որո՞նք են ամենակարեւոր մեթոտներն ու վարքը, որոնք մայրը պէտք է սորվեցնէ երեխային, որպէսզի ան կարենայ դիմակայել այդ որակով բնութագրուող ընկերոջը:

Բացասական ազդեցութեան ենթարկուող երեխային մօտ կ՛առաջանայ անօգնականութեան, վախի, անապահովութեան եւ կախուածութեան ցանկութիւն: Ինքնավստահութեան պակասը երեխան կը դարձնէ անկարող:

Իշխող ընկերոջ պատճառով նաեւ, կրնայ բարձրանալ երեխայի զայրոյթի եւ բռնութեան զգացումը:

Ամենակարեւոր միջոցները, որոնք մայրը պէտք է սորվեցնէ իր երեխային, որպէսզի ան կարենայ ճիշդ ձեւով վերաբերի իշխող ընկերոջ հետ.

  • Խրախուսել բացասական ազդեցութեան ենթարկուած երեխայի խօսիլը այն իրավիճակներու մասին, որոնց կ՛ենթարկուի: Պատմութիւններն ու նկարները կրնան օգտագործուիլ նաեւ դրդելու զինք արտայայտել իր զգացումները տարբեր իրավիճակներու մէջ:
  • Սորվեցնել երեխային ինքնավստահութիւն՝ մերժելով իրեն անընդունելի վարքը, նաեւ բանակցելու ունակութիւնը ` առանց ենթարկուելու ընկերոջ հրամաններուն:
  • Երեխան ձեռք կը բերէ խնդիրներու լուծման հմտութիւն եւ տարբեր իրավիճակներու հետ վարուելու ձեւ ` մի քանի իրավիճակներու մէջ շարունակական ուղղորդման եւ ուսուցման միջոցով, մինչեւ որ ան կարենայ իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ ճիշդ վարք ընտրել:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...