Ինչպէ՞ս Օգնեցին Կաղանդ Պապային. Քէյթ Վիլ

Նոր Տարուան մնացած էր մէկ օր: Ամէնուր գեղեցիկ գոյնզգոյն լոյսեր կը վառէին, պատուհաններէն կ’երեւէին զարդարուած տօնածառերը: Մարդոց մեծ բազմութեան մէջ կային չորս ընկեր-գազաններ: Անոնք արջուկ Օտտօ Վիտրան ու անոր ընկերներ սկիւռ Ուիլլին, խլուրդ Տիտոն ու մկնիկ Պիպին էին:

Անոնք նոյնպէս քաղաք կ’երթային ամենամեծ տօնածառը տեսնելու եւ միւսներուն հետ ուրախանալու:


Երբ դեռ ընկերները տօնական երգեր կը լսէին, Պիպին մօտիկ տուներէն մէկուն վրայ նկատեց եղջերուի մը արձանը: Այն այնքան սիրեց այդ արձանը, որ ուշադիր սկսաւ հետեւիլ անոր ու յանկարծ տեսաւ, որ եղջերուի ականջներէն մէկը շարժեցաւ եւ անոր վրայ նստած ձիւնը թափեցաւ:


-Այդ եղջերուն կը շարժի,- բացականչեց Պիպին:
Անոր ընկերները, այնքան ալ չհաւատալով անոր, իրենք ալ սկսան հետեւել եղջերուին: Բայց եղջերուի արձանը անշարժ էր: Վերջապէս անոնք յոգնեցան ու որոշեցին տուն վերադառնալ:
-Բայց ես վստահ եմ, որ եղջերուն շարժեցաւ,- Պիպին չէր հանդարտեր, երբ դեռ անոր ընկերները կը քալէին դէպի տուն, այդ ընթացքին, եղջերուի արձանը համոզուելով, որ չորս ընկերները գացին, զգուշութեամբ բարձրացաւ նախ ետեւի ոտքերուն վրայ, ապա ուղղեց առջեւինները եւ ամբողջ հասակով կենալով տանիքի վրայ, սկսաւ զգուշութեամբ իջնել այնտեղէն, չէ՞ որ ան դեռ շատ ընելիք ունէր:

Նոր տարուան լոյսերը պայծառ կը լուսաւորէին փողոցները, իսկ խանութներու ցուցափեղկերը գեղեցիկ զարդարուած էին: Մարդիկ, պինդ-պինդ փաթթուած մուշտակներու մէջ, նոր տարուան տօնի վերջին գնումները կը կատարէին եւ կ’աճապարէին դէպի տուն:

Չորս ընկերները հասան Օտտոյի տուն, ձիւնը թափ տուին կօշիկներու վրայէն  եւ ներս մտան` դէպի տաք տուն: Իրենց համար պատրաստեցին տաք տուրմ եւ համերաշխ նստեցան կրակարանին շուրջը, թաթիկներն ու դունչերը տաքցնելով: Բոլորը ուրախ էին ու անհոգ, միայն Պիպին լուրջ էր ու մտախոհ կը հետեւէր կրակի կայծերուն: Ան չէր կրնար մոռանալ եղջերուն:

-Որոշուած է, ես պիտի վերադառնամ,- յանկարծ յայտարարեց Պիպին ու տեղէն վեր թռաւ:- Պիտի գա՞ք ինծի հետ:
Աւելի տաք հագնելով, ընկերները վերադարձան քաղաքային հրապարակ: Եւ ի՞նչ յայտնաբերեցին. այն տանիքը, որուն վրայ կանգնած էր եղջերուն, պարապ էր:
-Ան հեռացեր է,- տխուր բացականչեց Պիպին:
-Եկէք խողովակի օգնութեամբ բարձրանանք տանիք եւ ստուգենք,- առաջարկեց Ուիլլին:
օտտոն ու Պիպին առաջինը բարձրացան խողովակի միջոցով եւ Ուիլլիի համար պարան մը վար նետեցին: Իսկ Տիտօ խլուրդը որոշեց խողովակի մէջէն բարձրանալ:
Վերջապէս անոնք հասան տանիք:
-Պէտք է եղջերուի հետքերով երթալ,- առաջարկեց Պիպին:
Ընկերները սկսան հետեւիլ ձիւնի վրայ յատնուած հետքերուն, մէյ մը բարձրանալով դէպի վեր, ապա վար իջնելով: Վերջապէս, ծխնելոյզի ետեւէն նայելով, անոնք տեսան եղջերուն: Ան կեցած էր դիմացի պատուհանի մօտ եւ կամաց կը թակէր ապակին: Յետոյ ընկերները տեսան, թէ ինչպէս պատուհանը բացաւ եւ անոր մէջէն երեւցաւ կիսաքուն փոքրիկ մը: Ան եղջերուի վիզէն կախուած պայուսակի մէջ թուղթի կտոր մը դրաւ: Յետոյ փոքրիկը շոյեց եղջերուի թաց քիթը,  եւ անոր բարի գիշեր մաղթելով, գոցեց պատուհանը:

Շատ գեղեցիկ թռիչքով մը եղջերուն թռաւ դէպի միւս տանիքը եւ թակեց յաջորդ պատուհանը: Եւ դարձեալ ամէն ինչ կրկնուեցաւ:

-Ես ձեզի ի՞նչ կ’ըսէի,- շշնջաց Պիպին ընկերներուն՝ զարմանքէն լայն բացած աչքերով:- Այս եղջերուն արձան չէ:
Երբ եղջերուն թռաւ անոնց գլխուն վրայէն, չորս ընկերներով պինդ սեղմուեցան ծխնելոյզի խողովակին: Յանկարծ թուղթի կտոր մը, օդին մէջ պարելով, իջաւ անոնց ոտքերուն քով: Օտտօն վերցուց զայն ու լապտերիկով լուսաւորեց, որպէսզի կարենայ կարդալ գրուածը:
-Ի՞նչ գրուած է այնտեղ,- խումբով հարցուցին ընկերները:
-Օ՜, ոչ,- բացականչեց Օտտոն:- Սա նամակ է Կաղանդ պապային: Կերեւի պատահաբար եղջերուէն ինկաւ եւ հիմա այս փոքրիկը նուէր պիտի չստանայ:
Ան Կաղանդ պապայի նամակը դրաւ իր գրպանը: Կենդանիները իջան տանիքէն ու քալեցին դէպի տուն:
Յաջորդ օրը Նոր Տարի էր: Նոյն ժամացոյցը ազդարարեց ժամը տասնմէկը, ընկերները քալեցին դէպի քաղաքային հրապարակ: Շնչակտուր հասան, անոնք առաջին հերթին նայեցան տանիքին: Եղջերուն իր տեղն էր:
-Դեռ ուշ չէ: Աճապարենք,- բացագանչեց Պիպին ու սկսաւ բարձրանալ տանիք:
եւ ահա չորս ընկերները կրկին տանիքի վրայ էին: Այս անգամ անոնք նստեցան եղջերուի մէջքին ու սկսան սպասել:
-Դուք իսկապէ՞ս կը կարծէք, որ ասիկա Կաղանդ պապայի եղջերուներէն մէկն է,-հարցուց Տիտոն, որ արդէն յոգնած էր եղջերուի մէջքին նստած սպասելէն:
Բայց մարդ չպատասխանեց անոր: Ցուրտ էր ու կենդանիները նստած էին արձան-եղջերուի սառած մէջքին: Ժամացոյցը ազդարարեց 11:30: Նոր տարուան մնացած էր կէս ժամ:


-Կարծեմ Կաղանդ պապան չի գար,- տխուր ձայնով ըսաւ Տիտոն:
Յանկարծ անոնց ականջին հասաւ զանգակներու հեռու ղօղանջը, եւ եղջերուն, որուն վրայ նստած էին ընկերները, սկսաւ շարժիլ: Չէին հասցուցած անոնք հասկանալ, թէ զանգերու ձայնը ուրկէ՞ կու գայ, երբ յանկարծ անոնց առջեւ յայտնուեցաւ Կաղանդ պապայի հսկայ սահնակը: Կաղանդ պապան կեցուց եղջերուները: Եղջերուները կեցան, բայց անհամբեր իրենց ոտքերը կը թափահարէին:

-Ողջոյն, սիրելիներս,- ժպտաց Կաղանդ պապան:- Ի՞նչ կ’ընէք այստեղ:
-Մենք եկած ենք քեզի օգնելու,- պատասխանեց Պիպին:
-Օգնե՞լ, շատ լաւ է,- ըսաւ Կաղանդ պապան` միաժամանակ տանիքի եղջերուն կապելով միւս եղջերուներուն:- Ես միշտ ուրախ եմ օգնութիւն ստանալու, մանաւանդ ինծի համար շատ երկար տեւող այս տօնական գիշերը:

Ընկերները արագ բարձրացան Կաղանդ պապայի սահնակի վրայ եւ ան անմիջապէս երկինք բարձրացաւ:
-Կաղանդ պապան սկսաւ ընկերներուն բացատրել.- Այս գիշեր մենք պէտք է պտոյտ կատարենք ողջ երկրագունդի շուրջը, որովհետեւ Նոր Տարուան գիշերը մեզի համար ժամանակը կը կենայ:
Եւ իսկապէս, անոնք պտոյտ մը կատարեցին երկրագունդի շուրջը` նուէրներ բաժնելով բոլոր այն երեխաներուն, որոնք նամակ գրած էին Կաղանդ պապային: Անոնք կրցան իրենց գործը նոյնիսկ ժամանակէն շուտ աւարտել, քանի որ Պիպին այնքան թմպլիկ չէր, ինչքան Կաղանդ պապան ու հեշտութեամբ կը մտնէր  բոլոր ծխնելոյզներէն ու նուէրները կը հասցնէր երեխաներուն:

Յանկարծ Պիպին յիշեց այն թուղթի կտորի մասին, որ եղջերուն պատահաբար կորսնցուցած էր…
«Կարմիր ֆերրարի մեքենայ եւ գեղեցիկ արքայազն մը իր ամրոցով»,- գրուած էր նամակին մէջ:
-Բայց ասիկա հնարաւոր չէ: Ի՞նչ պէտք է ընենք:
-Ահա թէ ինչ,- պատասխանեց Կաղանդ պապան:- Կարծեմ միջին չափի կախարդական զարդատուփը բաւարար է, որպէսզի անոնք նային ու տեսնեն այն ամէնը, ինչ ուզած են:
Պիպին վերջին նուէրը հասցուց տիրոջը: Զայն տեղաւորեց մանկական մահճակալի վրայ ու արագ հեռացաւ:
Բացուեցաւ Նոր տարուան առաջին առաւօտը: Կաղանդ պապայի աշխատանքը աւարտեցաւ եւ հիմա ամբողջ մէկ տարի կրնար հանգստանալ: Կաղանդ պապան իր նոր ընկերները հասցուց տուն եւ մնաք բարի ըսաւ:

-Մինչ նոր հանդիպում, Կաղանդ պապա: Ցտեսութիւն, Եղջերու: Մինչ եկող տարի:- Կը բացականչէին ընկերները, քանի դեռ Կաղանդ պապայի սահնակը կ’երեւէր երկնքի մէջ:
Տան մէջ չորս ընկերները մէկ անգամէն քնացան խորունկ քունով, իսկ երբ արթնցան, արդէն Նոր տարի էր:
-Կը կարծէք, այս ամէնը երա՞զ էր,- հարցուց Օտտօն, պատուհանէն դուրս նայելով:
Բայց ան հաստատ կը տեսնէր Կաղանդ պապայի սահնակի ու եղջերուներու հետքերը երկնքի մէջ:

աղբիւր՝ poqrik.am 

Ռուսերէնէն թարգմանեց Վ. Բուռնուչեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀԸ

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...