Նուագարաններ. Ինչքա՞ն Հին է Տուտուկը Կամ Շուին.

 

Հայերը Ժողորդական գործիքներ օգտագործած են շատ հին ժամանակներէ։
Տուտուկը, որ կը կոչուի նաեւ ծիրանափող՝ ծիրանի ծառի փայտէն պատրաստուելուն համար, եղած է հայերու ամենասիրելի նուագարաններէն մէկը։ Հայերը տուտուկ նուագած են 1900 տարի առաջ։
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման նուիրուած պաշտօնական արարողութեան ընթացքին՝ տուտուկ նուագելու պատիւը տրուած է 7 տարեկան Թաթուլին։
Շուին այնքան հին է, որ պարզ չէ, թէ ե՞րբ օգտագործած են, անունը եկած է շվշվալ (սուլել) բառէն:

Զուռնայ եւ տհոլ՝ Զուռնայի հայրենիքը հայկական լեռնաշխարհն է. զուռնայի հետ կը նուագեն տհոլը կամ նոյնինքը՝ դմբուկը, անոնց նուագակցութեամբ կը պարեն եարխուշտա պարը։

Սանթուրը նոյնպէս հայերը գործածած են շատ հին ժամանակներէ, գործիքին անունը հին պարսկերէնով կը նշանակէ հարիւր լար։

Քամանչան՝ Հայաստանէն բացի՝ փոքր տարբերութիւններով գործածուած է տարբեր երկիրներու մէջ՝ Վրաստան, Իրան, Յունաստան, Տաղստան։

Քամանչայի ամենահին պատկերը կը գտնուի Հայաստանի մէջ՝ մայրաքաղաք Դուինի պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած գաւաթի մը վրայ։

Թառը կիթառի նախահայրն է։

Սազի ձայնը մաքուր է ու զրնգուն, սակայն մեղմ ու թոյլ, անոր համար նուագախումբերու մէջ անիկա փոխարինուած է աւելի հնչեղ քանոնով:

Քնարէն յառաջացած են այլ նուագարաններ, որոնք օգտագործուած են Եւրոպայի մէջ։

Տաւիղը լարային բոլոր նուագարաններու նախամայրն է։ Կ’ըսուի, որ տաւիղը ստեղծուած է պատահաբար, երբ որսորդը իր աղեղի ձգուող լարէն հաճելի ձայն մը լսած է, լարի կողքին  տեղադրած է երկրորդը, տասնամեակներ ու դարեր ետք, երկու լարերուն վրայ աւեցած են ուրիշ լարեր եւ ստեղծուած է Տաւիղը։

Քանոնը Սանթուրի զարգացած տեսակն է

ժամանակակից աշխարհահռչակ Հայ ջութակահար է Սերգէյ Խաչատրեանը։

Դաշնամուրին կ’ըսեն նաեւ դաշնակ։ Յատկապէս դաշնամուրային մեղեդիներու աշխարհահռչակ երաժշտահան է՝ Տիգրան Մանսուրեան, որ արժանացած է «Կրեմի» մրցանակին։

Երիտասարդ սերունդի նարկայացուցիչ  Տիգրան Համասեան նոյնպէս աշխարհահռչակ երաժիշտ է։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...