Հեռաւոր անցեալին իմաստուն կայսր մը կը կառավարէր իր երկիրը: Երբ ան արդէն շատ ծեր էր՝ որոշեց յայտնել, թէ ով պիտի ըլլայ իր ժառանգորդը:
Բոլորը կը կարծէին, թէ իր զաւակներէն կամ ազգականներէն մէկը կ’ըլլայ, բայց կայսրը այլ բան մտածած էր:
Ան հրամայեց իր երկրին մէջ ապրող բոլոր երիտասարդները իր պալատ կանչել եւ անոնց հետեւեալը ըսաւ.
«Ես պէտք է երկրի յաջորդ ղեկավարը նշանակեմ եւ որոշեցի, որ ձեզմէ ոեւէ մէկը կ’ընտրեմ»:
Մինչ բոլորը ապշած իրարու կը նայէին, ծեր տիրակալը շարունակեց. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին մէկական սերմ կու տամ: Դուք զայն կը ցանէք, կը խնամէք ողջ տարին եւ պալատ կը վերադառնաք ձեր աճեցուցած բոյսով: Իմ յետնորդը կ’ըլլայ այն, որուն բոյսը ամենալաւը կ’ըլլայ»:
Պատանիներէն մէկը, որ նոյնպէս սերմ ստացած էր, տուն վերադարձաւ ու մօրը պատմեց կայսեր յանձնարարութեան մասին:
Մայրը օգնեց անոր ցանել սերմը եւ պատանին ամէն օր կը խնամէր զայն եւ կը ստուգէր, թէ ծլած է արդեօք:
Ժամանակը կ’անցնէր եւ անոր ընկերները ամէն անգամ հանդիպելու ժամանակ կը պատմէին, թէ իրենց բոյսերը արդէն որքան աճած են,
իսկ իր ծաղկամանին մէջ դեռ բան չէր երեւեր: Երիտասարդը ինքզինք անբան կը զգար եւ ինքզինք կը մեղադրէր, որ փչացուցած է այդքան թանկարժէք բոյսը:
Եւ ահա լրացաւ կայսեր տուած ժամանակը: Նշանակուած օրը բոլոր պատանիները իրենց աճեցուցած բոյսերով պալատ եկան:
Իսկ այն պատանին չէր ուզեր այնտեղ երթալ, սակայն մայրը ըսաւ, որ պէտք է ազնիւ ըլլալ եւ կարենալ ընդունիլ պարտութիւնը:
Ուստի ինքն ալ պալատ գնաց իր պարապ ծաղկամանով:

Երբ կայսրը տեսաւ բոյսերու առատութիւնը՝ ըսաւ. «Բոլորդ ալ գովեստի արժանի էք, հրաշալի բոյսեր աճեցուցած էք»:
Այդ ողջ ընթացքին պատանին կը փորձէր թաքնուիլ միւսներուն ետեւ, սակայն կայսրը նկատեց անոր պարապ ծաղկամանը եւ առջեւ կանչեց զինք:
Բոլորը սկսան ծիծաղիլ՝ տեսնելով, որ անոր ծաղկամանին մէջ հողէն բացի բան չկայ: Իսկ տիրակալը յանկարծ յայտարարեց. «Ահա՛ իմ յետնորդս:
Բոլորդ ալ ինձմէ սերմեր ստացաք, որոնց արդիւնքով մէկ տարի անց պիտի պալատ ներկայանայիք, սակայն ձեզմէ ոչ ոք չի գիտեր,
որ այդ սերմերը չէին կրնար աճիլ, քանի որ նախօրօք եփուած էին: Բայց այս պատանիէն բացի բոլորդ աճած բոյսեր բերիք:
Դուք իմ տուածներս ուրիշ սերմերով փոխարինած էք: Եւ ան միակն է, որուն ազնւութեան չեմ կասկածիր, այդ պատճառով ալ ինձմէ վերջ ինք կը դառնայ ձեր կայսրը»:
Միշտ պէտք է յիշենք, որ ապագային ստանալիք արդիւնքները մեր այսօրուան գործողութիւններու հետեւանքն են:
