Հացի գիւտը դեռ 30-ական թուականներուն ակադեմիկոս Վավիլովը Հայկական լեռնաշխարհի մէջ յայտնաբերեց վայրի ցորենի հետքերը, Ինչը կը վկայէ, որ Հայաստանն է հացի մշակոյթի նախահայրենիքը. այստեղ յառաջացած է երկրագործութիւնը,մասնաւորապէս հացահատիկային բոյսերու մշակումը եւ անոնց օգտագործման նախնական, պարզունակ ձեւերը, զորս մինչ օրս պահպանելը կը վկայէ այդ մասին:
Մենք հայերս ունեցած ենք համապատասխան աստուածներ՝ Շարա եւ Աշորա: Հայերէնի մէջ խանձուած դեռահաս ցորենի տարբեր անուններ եւ ձեւեր կան՝ ֆրիկ, աղանձ, ղարախարմա: Տարբեր ճաշատեսակներ ունինք՝ փոխինդ/ձ/, սպաս, շիլա, խուս, քաշովի,օգտագործելով ձաւար, պլղուր. բոված ալիւր…
Հացի տարբեր տեսակներ՝ լաւաշ, բաղարջ… Հաց թխելը հրաշալի ծիսակատարութիւն է, որով Հայ տղամարդը միշտ հիացած է…
Չզարմանաք, եթէ ըսեմ, որ ՀԱՑ բառը նոյնիսկ ծագած է ՀԱՅ բառէն, ամենայնդէպս ծագումնաբանական ընդհանրութիւն կը տեսնեմ։
Տեսէք ինչ իմաստուն գաղափար կայ հին Մոկաց երգի տողերու մէջ.
ԱՇԽԱՐՀԻ ՇԷՆ ՎԸՐ ԳՈՒԹՆԻՆ Էՙ ԳՈՒԹԱՆ ՉԵՂՆԻՙ ԱՇԽԱՐՀՆ ԻՆՉ Է…
Միայն ՀԱՑ ստեղծողը կրնար այսպիսի երգ յօրինել՝ ՀՈՐՈՎԵԵԵԵԼ…
