Լեհ Ուսուցիչի Տասը Պատուիրանները Ծնողներուն․

Եանուշ Քորչակ՝ լեհ ուսուցիչ, գրող եւ բժիշկ, տասը պատուիրան ունի ծնողներուն․

1. Մի սպասեր, որ քու երեխադ դառնայ այնպիսին, ինչպիսին դուն ես կամ ինչպիսին դուն կ՛ուզես: Օգնէ անոր դառնալ ով ինքը կայ:
2. Մի պահանջեր երեխայէն վճարել այն ամէնուն համար, որ դուն ըրած ես իրեն համար:Դուն անոր կեանք  տուած ես,

ինչպէ՞ս կրնայ ան վարձահատոյց ըլլալ քեզի: Ան կեանք պիտի տայ  ուրիշ մէկուն, վերջինս ալ միւսին,

եւ ճիշդ այս է երախտագիտութեան անդառնալի շղթան:
3. Մի թափեր  կեանքիդ դառնութիւնները երեխային վրայ, որպէսզի մեծ հասակիդ դառն հաց չուտես: Քանզի ինչ ցանես, այդ ալ կը հնձես:
4. Երեխային խնդիրներուն վերէն մի նայիր: Ամէն մէկուս կը տրուի մեր ուժերուն համապատասխան,

վստահ եղիր, որ փոքրիկին համար կեանքը բարդ է ոչ պակաս, քան քեզ համար, իսկ հնարաւոր է` անգամ աւելին, քանի որ ան փորձ չունի:
5. Մի նուաստացներ երեխան:
6. Մի մոռնար, որ մարդու կեանքին մէջ ամենակարեւոր հանդիպումները երեխաներուն հետ հանդիպումներն են:

Աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձուր երեխաներուն, երբեք չես գիտեր` որուն կը հանդիպիս երեխայի պարագային:
7. Մի տանջեր քեզ, եթէ երեխայիդ համար որեւէ բան չես կրնար ընել, պարզապէս յիշէ․

երեխային համար   ոչ բաւարար ըրուած է, եթէ  ամէն հնարաւոր բան ըրուած չէ:
8. Երեխան բռնապետ չէ, որ եկած է զաւթելու քու կեանքդ, միայն  մարմնիդ ու արեանդ պտուղը չէ:

Երեխան թանկարժէք գաւաթ է, որուն Կեանքը ի պահ  տրուած է քեզ եւ որուն մէջ դուն պէտք է զարգացնես ստեղծարար կրակը:

Ատիկա մօր եւ հօր ազատագրուած սէրն է, որուն մէջ կ՛աճի ոչ թէ «մեր» «սեփական» երեխան, այլ հոգի, որ մեզ ի պահ  տրուած է:
9. Սորվիր սիրել օտար երեխան: Երբեք մի ըներ օտարին այն, ինչը չէիր ուզեր, որ ընեն քու երեխայիդ:

10. Սիրէ երեխադ, ինչպիսին ալ որ ան ըլլայ – անտաղանդ, անյաջողակ, մեծ:

Շփուիր անոր հետ, ուրախացիր, քանի որ երեխան տօն է, որ դեռ քեզի հետ է:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...