Լոյս Արձակող Բոյսեր Տեսա՞ծ Էք (տեսանիւթ)

Ամերիկեան Էյ Այ Թի համալսարանէն մասնագէտներ կրցած են կարգ մը բոյսեր փոխել, որպէսզի անոնց տերեւները փայլին գիշերը:

Այս բոյսերը ստեղծելու համար մասնագէտները գործածած են այն նոյն մոլեքիւլը, որ լոյս կ՛արձակէ գիշերները կարգ մը միջատներու մարմնին մէջէն:

Անոնք բոյսերը մխրճած են մասամբ այն մոլեքիւլով պատրաստուած հեղուկի մը մէջ` զայն տերեւներուն մէջ անցնելու համար:

Առաջին փորձերուն ընթացքին անոնք կրցած են բոյս մը «վառ» պահել 45 վայրկեան: Այժմ անոնք կրնան այդ լոյսը 4 ժամ վառ պահել:

Բոյսերը տակաւին շատ զօրաւոր չեն փայլիր, սակայն մասնագէտները տաւկաւին կ՛աշխատին գտնելու համար միջոց մը`

զանոնք աւելի զօրաւոր եւ աւելի երկար ժամանակ փայլուն պահելու համար:

Այս գիւտին նպատակը՝ բոյսի լոյսին տակ կարդալ, կամ իրիկունը պտտիլ լոյս արձակող ծառերով լուսաւորուած քաղաքի մը մէջ:

Ապագային մասնագէտները կը փափաքին ելեկտրականութիւն սպառող բոլոր լոյսերը փոխարինել բոյսերով:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...